Հոլանտիայի մէջ, ՀՅԴ հիմնադրութեան 129ամեակի տօնակատարութեան շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ նորագիրներու երդման արարողութիւնը: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի կնքահայրութեամբ երդում տուին եւ ՀՅԴ Հոլանտայի կառոյցի շարքերուն միացան հինգ նորագիրներ:
Նշենք, որ Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ, 18 Յունուարին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 129ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, որուն իբրեւ օրուան գլխաւոր բանախօս հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան: