ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, անդրադառնալով Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողով ստեղծելուն՝ ըսաւ, որ եթէ սահմանադրական փոփոխութիւններ ըլլան, առաջին հերթին պէտք է վարչապետին լիազօրութիւնները կրճատուին, բայց նկատի ունենալով այս իշխանութիւններուն ձեռագիրը՝ իրենց փոփոխութիւնները միտուած պիտի ըլլան իշխանութեան յաւելեալ ամրապնդման։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ է նպատակը սահմանադրական փոփոխութիւններու համար յանձնաժողովի ստեղծման՝ Սաղաթելեան ըսաւ. «Քանի որ իշխանութիւնը չի յայտարարել իր նպատակի մասին, չի յայտարարել, թէ ի՛նչ խնդիր է ուզում դրանով լուծել, չեմ կարող կարծիք յայտնել: Մէկ բան մեզ համար շատ յստակ է՝ նախկինին վերադարձ չկայ. երկրի կառավարման ձեւը՝ խորհրդարանական համակարգից կրկին անցում կիսանախագահական կամ նախագահական համակարգի, մենք բացառում ենք»:
Ըստ Սաղաթելեանի՝ սահմանադրութեան փոփոխութեան համար պէտք է երկու կարեւոր պատճառ գոյութիւն ունենայ: «Պէտք է հասարակական պահանջ լինի եւ երկրորդ՝ հիմնաւորում, թէ այսօրուայ սահմանադրութեան որ յօդուածներն են խնդիրներ ստեղծում երկրի անվտանգութեան, զարգացման հնարաւորութիւնների համար: Երբ կը կողմնորոշուեն կը յայտարարեն իրենց Սահմանադրական փոփոխութիւնների յանձնաժողով ստեղծելու նպատակը եւ կը յայտարարեն, թէ այդ յանձնաժողովն ինչ փոփոխութիւններով եւ առաջարկութիւններով է հանդէս գալու, այդ ժամանակ էլ մենք մեր դիրքորոշումները յստակ կ՛ասենք, որովհետեւ մեզ համար շատ սկզբունքային է խորհրդարանական կառավարման համակարգը», նշեց ան:
Արձագանգելով այն դիտարկման, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ այս գործող սահմանադրութեամբ աւելի դիւրին է իշխանափոխութիւն իրականացնել, հիմա սահմանադրութեան փոփոխութիւններու յանձնաժողով ստեղծելը ի՞նչ կ՛ենթադրէ՝ Սաղաթելեանն արձագանգեց. «Եթէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններ լինեն, առաջին հերթին պէտք է վարչապետի լիազօրութիւնները կրճատուեն»:
Սաղաթելեան յիշեցուց, որ այս իշխանութիւնները, մասնաւորապէս երկրին ղեկավարը, սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք կը քննադատէին «սուփըրվարչապետական» համակարգը: «Ուստի առաջին հերթին հէնց այս սուպերվարչապետական համակարգից պէտք է ազատուել, սակայն, բնականաբար, հաշուի առնելով այս իշխանութիւնների ձեռագիրը, իրենց փոփոխութիւնները միտուած են լինելու իշխանութիւնն էլ աւելի ամրապնդելուն: Հաշուի առնելով իշխանութեան գործելաոճը՝ կարելի է նման ենթադրութիւն անել, բայց թող հանդէս գան իրենց պատճառաբանութիւններով, առաջարկութիւններով մենք էլ համապատասխան դիրքորոշում կը յայտնենք», շեշտեց ան: