ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 16 Յունիսին խստօրէն քննադատեց Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը՝ Եգիպտոսի իշխանութիւններուն կողմէ Գահիրէի մէջ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան դէմ առնուած քայլերուն նկատմամբ:
Յիշեցնենք, թէ ոստիկանութիւնը Չորեքշաբթի օր ներխուժած էր «Գահիրէի մէջ ապօրինի կերպով գործող «Անատոլու»ի գրասենեակը» եւ ձերբակալած չորս անձեր, ներառեալ Թուրքիոյ քաղաքացի մը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած էր այդ քայլը՝ նշելով, որ այս «կը բացայայտէ եգիպտական վարչակազմին մամուլի ազատութեան նկատմամբ ժխտական մօտեցումը»: Նախարարութիւնը նաեւ իր մօտ կանչած էր Անգարայի մօտ Եգիպտոսի դեսպանատան գործավարը եւ պահանջած անմիջապէս ազատ արձակել «Անատոլու»ի գրասենեակին անձնակազմը: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կտրուկ կերպով մերժելով թրքական քննադատութիւնը՝ շեշտեց. «Եգիպտոսի մէջ թրքական ապօրինի լրատուական գործունէութեան նկատմամբ օրինական քայլեր առնուած են»:
Նախարարութիւնը նշեց, որ գրասենեակը հաստատուած էր արգիլեալ «Իսլամ եղբայրներ»ուն կողմէ եւ աջակցութեամբ Թուրքիոյ, որպէսզի «սխալ ու շինծու տեղեկութիւն տարածէ Եգիպտոսի մէջ քաղաքական, տնտեսական, ապահովական ու արդարադատական կացութիւններուն վերաբերեալ եւ տեղական ու միջազգային մակարդակի վրայ աղարտէ Եգիպտոսի վարկը»:
Նախարարութիւնը քննադատեց թրքական ակնարկները՝ յայտնելով, որ անոնք կատարուած են վարչակարգի մը կողմէ, որ «խօսքի ազատութեան, մամուլի ազատութեան եւ այլ հիմնարար իրաւունքներու ու ազատութիւններու մէջ յոռեգոյն դիրքին վրայ կը գտնուի»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ թրքական վարչակարգը ամբաստանեց «շրջանի երկիրներուն մէջ ծայրայեղական խմբաւորումներու եւ ահաբեկչական զինեալներու նիւթապէս աջակցելու յանցանքով»: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ այս հարցով իր մօտ կանչեց Գահիրէի մօտ թրքական դեսպանատան գործավարը:
Նշենք, որ 17 Յունուարին Եգիպտոսի ոստիկանութիւնը ազատ արձակեց «Անատոլու»ի թուրք լրագրողը, որ նոյն օրն իսկ Թուրքիա ժամանեց։
Յիշեցնենք, որ Եգիպտոս-Թուրքիա յարաբերութիւնները վատթարացան 2013ին, երբ զինուորական յեղաշրջումով մը իշխանութենէն հեռացուեցաւ Անգարայի մօտիկ «Իսլամ եղբայրներ»ու ղեկավար Մուհամմատ Մորսին։