ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հոկտեմբեր 2019ին սկիզբ առած Լիբանանի տնտեսական տագնապը եւ քաղաքական անկայուն իրավիճակը մեծապէս ազդեցին լիբանանահայութեան բնականոն կեանքին վրայ:
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, լրջօրէն հետեւելով իրադարձութիւններուն, չէր կրնար ձեռնպահ մնալ եւ Նոյեմբեր 2019ին 5000 ամերիկան տոլար տրամադրեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին (ԼՕԽ) տեղական ծրագիրներու իրականացումը հետեւողական եւ ընթացքը անընդմէջ ապահովելու համար:
Սակայն, կացութիւնը կը շարունակէ բարդանալ, եւ օժանդակութեան խնդրանքով ԼՕԽին դիմող անհատներու թիւը օրէ օր կը բազմանայ: Կեդրոնական վարչութիւնը եւս 10,000 տոլար տրամադրեց ԼՕԽին եւ այսու կոչ կ՛ուղղէ ժողովուրդին մասնակցելու՝ «Լիբանանի Անմիջական Օժանդակութիւն» խորագիրով նուիրահաւաքին: Նուիրատուութիւններ պիտի յատկացուին հետեւեալ 3 ծրագիրներուն.
– Պնակ մը կերակուր. սոյն ծրագիրին ընդմէջէն, նուիրատուներ կրնան հովանաւորել ճաշի մատուցումը գաղութի 150 կարիքաւորներու: Առ ի գիտութիւն, ԼՕԽի ծրագիր է նաեւ, տարիներէ ի վեր շաբաթը 2 օր տաք ճաշ մատուցելը կեդրոնին մէջ: Այժմու պայմաններուն տակ, 2 օրը նուազած է՝ դառնալով 1 օր: Կեդրոնական վարչութիւնը, ներկայ անհրաժեշտութիւնը առաջնահերթ նկատելով՝ վերահաստատեց ԼՕԽի «Պնակ մը Կերակուր»ը շաբաթական 2 օր մատուցելու նախկին ձեւը:
– Մասնակցութեան գումարը՝ 500 տոլար է, որուն շնորհիւ օրական 150 անհատներու ճաշ պիտի մատուցուի (նկատի ունենալ 1000 տոլար, շաբաթը երկու օրուան համար):
– Գոյատեւման պիտոյքներ. այս ծրագիրին ընդմէջէն, կարիքաւորներու (որոնք արդէն ԼՕԽին կ՛ապաւինին իրենց օրական դեղորայքին եւ ուտելիքին համար) պիտի յատկացուի մէկ ամսուան ուտեստեղէն, դեղորայք եւ բարեկեցիկ կեանք ապահովելու հիմնական պիտոյքներ: Մասնակցութեան գումարը՝ 250 տոլար։
– Յոյսի արկղ. այս ծրագիրին ընդմէջէն ընտանիքներու պիտի յատկացուի 1 ամսուան ուտեստեղէն: Մասնակցութեան գումարը՝ 150 տոլար է, որուն շնորհիւ իւրաքանչիւր ընտանիքի մէկ արկղ ուտեստեղէն պիտի տրամադրուի։
Սրտաբուխ որեւէ նուիրատուութիւն ընդհանուր ֆոնտին օգտակար կրնայ հանդիսանալ: Կեդրոնական վարչութիւնը, գործակցաբար ԼՕԽին՝ այս նուիրատուութիւնները պիտի յատկացնէ հոն, ուր կարիքը անմիջական է:
Բոլորիս պարտականութիւնն է նեցուկ կանգնիլ լիբանանահայութեան՝ օժանդակելու գաղութի մը, որ անցնող տասնամեակներուն իր կառոյցներով, վարժարաններով, մշակութային կեդրոններով եւ կազմակերպութիւններով եղաւ հայապահպանման կարեւոր կեդրոններէն մէկը, մասնակցելով աշխարհասփիւռ ծրագիրներու բարօրութեան հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Կոչ կ՛ուղղենք հանրութեան օգնութեան ձեռք երկարելու լիբանանահայ մեր հարազատներուն, որպէսզի կարենանք միասնաբար՝ կեանք մը փոխել եւ ժպիտ բերել հայ մանուկին, պատանիին, երիտասարդին ու տարեցին:
Նուիրատուութիւններ կատարելու համար՝ դիմել գաղութի ՀՕՄի միաւորին կամ այցելել հետեւեալ կայքէջը՝ www.ars1910.org/give։