ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Լրագիր».- 17 Յունուարին, Երեւանի Պարոյր Սեւակի փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Գէորգի Կուտոյեանի դին, որ ունէր կրակոցի վէրքեր: Ըստ նախնական տուեալներուն՝ դիակին զննութեամբ վէրք յայտնաբերուած է անոր դիմածնօտային հատուածին մէջ. մահուան վարկածներէն մէկը անձնասպանութիւնն է: Դիակին կողքին գտնուած է նաեւ ատրճանակ մը: Ըստ լրատուամիջոցներուն՝ Գէորգի Կուտոյեանի բնակարանին պատերուն վրայ յայտնաբերուած են կրակոցներու հետքեր: Բնակարանը, ուր տեղի ունեցած է դէպքը, Կուտոյեան գնած էր չորս տարի առաջ, իսկ դէպքին պահուն ան տան մէջ առանձին եղած է. 17 Յունուարին տուն վերադարձած են զաւակները եւ կինը. վերջինս յայտնաբերած է Գէորգի Կուտոյեանի դին: Մեծ հաւանականութիւն կայ, որ դէպքը պատահած ըլլայ 16 Յունուարին, երբ անոր ընտանիքը իր ծնողներուն տունը կը գտնուէր։
Գէորգի Կուտոյեան ծնած է 30 Սեպտեմբեր 1981ին, Երեւան: 2011ին, Հայաստանի նախագահին կարգադրութեամբ՝ նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի օգնական: 2011-2014ին վարած է Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդին առընթեր Փտածութեան դէմ պայքարի ռազմավարութեան իրականացման դիտարկման յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը: 2016-2018 եղած է Հայաստանի կառավարութեանն առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեանի յանձնարարութեամբ, դէպքի վայրին մէջ քննութիւն կատարած են Քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալ Արթուր Մելիքեան, տարբեր քննիչներ, դատական բժիշկներ եւ այլ մասնագէտներ։ Արթուր Մելիքեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Դէպքի վայրի զննութիւն է կատարւում, որպէսզի կարողանամ պատասխանել ձեր հարցերին: Երբ բնակարան ենք եկել, դէպքի վայրում են եղել կինը եւ հայրը: Նախնական՝ այն, ինչ ծառայողները ներկայացրին՝ կինն է դիակը յայտնաբերել: Դէպքի վայրի զննութեանը մասնակցում են դատաբժիշկներ, որոնց զննութեամբ կը պարզենք քանի հրազէնային վնասուածք է ստացել»՝ աւելցնելով, որ կ՛ուսումնասիրուին նաեւ դէպքին վայրը նկարահանող տեսախցիկներուն տեսագրութիւնները:
Կարգ մը լրատուամիջոցներ նշեցին, որ Գէորգի Կուտոյեան մնայուն կերպով Երեւան չէր բնակեր, որովհետեւ կրթական ծրագիրի ծիրին մէջ ընտանիքին հետ մեկնած էր Լոնտոն‘ ուսանելու. ան վերադարձած էր նախորդ տարեվերջին։
Յատուկ քննչական ծառայութենէն յայտնեցին, թէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Գէորգի Կուտոյեան որեւէ հարցով չէ հարցաքննուած եւ դատավարական կարգավիճակ չէ ունեցած։
«Ֆէյսպուք»ի օգտատէր, «Վիքիակումբ»ի նախկին համակարգող Արմէն Միրզոյեան դէպքէն ետք իր էջին վրայ գրեց հետեւեալը. «Եւս մէկ հետաքրքիր ինֆօ (տեղեկութիւն-Խմբ.): Գէորգի Կուտոյեան անունով մասնակիցը դեռ Յունուարի 3ին եւ երէկ (Յունուարի 16ին) փորձել է հայերէն «Վիքիպեդիա»ից ջնջել ԱԱԾ տնօրէն Գէորգի Կուտոյեանի մասին յօդուածի բովանդակութիւնը»: