ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 14 Յունուարին, Արամ Ա. վեհափառը այցելեց Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու «Զուարթնոց» կեդրոնը:
33 տարիներ առաջ, վեհափառին՝ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդութեան օրերէն սկիզբ առած յիշեալ կեդրոնը, վերջին տարիներուն օժ-տուած է ներկայ ժամանակներու մասնագիտական բոլոր կարելիութիւններով: Կեդրոնին տնօրէնուհին է Վարդի Գէորգեան: Ան ունի իր խնամակալութիւնը եւ մասնագէտներէ բաղկացած ուսուցչական կազմը: Այս տարի կեդրոնին մէջ յատուկ դասընթացքի եւ հոգածութեան կը հետեւին 38 անձեր:
Վեհափառ հայրապետը շուրջ երկու ժամ մնաց «Զուարթնոց» կեդրոնին մէջ, շրջեցաւ զանազան բաժանմունքները, աշակերտներուն հետ զրուցեց, մօտէն տեղեակ դարձաւ հոն կատարուող աշխատանքին եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց: Կաթողիկոսը նաեւ կոչ ուղղեց, որ մեր կառոյցները ու ազգայինները նիւթապէս սատար հանդիսանան յատուկ խնամքի կարօտ մեր զաւակներուն հոգածութիւն ու դաստիարակութիւն ջամբող այս կեդրոնին:
Հայրապետին այցելութեան ներկայ էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ կեդրոնին խնամակալութիւնը:
Յիշեցնենք, թէ վեհափառը ներկայ տարին հռչակեց «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի»՝ թելադրելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ զանազան ծրագիրներու եւ աշխատանքներու իրագործումով, իրենց մտածումներուն ու հոգածութեան լուսարձակին տակ բերեն յատուկ խնամքի կարօտ մեր ժողովուրդի զաւակները: