ԱԹԷՆՔ.- Յունահայ երիտասարդ Տիմիթրի Գասարճեան, որ շրջանաւարտ է Փաթրասի դեղագործական համալսարանէն, իր աւարտական տարուան ընթացքին՝ Օգոստոս 2019ին, իր դասակից Եորղօ Քարանասիոյի հետ, իրենց համադրող դասախօսի ուղեկցութեամբ, պանրագործութեան վերաբերեալ ուսումնագիտական աշխատանքներուն ընթացքին կրցան յաջողութեամբ վարել Cheeseboost գիտահետազօտական աշխատանքը:
Անոնք պանրագործութեան ոլորտին մէջ հնարեցին արհեստագիտութեան նորարական միջոց մը, որուն հիման վրայ կարելի է աւելցնել պանիրի արտադրութիւնը առանց յաւելեալ կաթի գործածութեան:
Այս յայտնաբերումին համար, Տիմիթրի Գասարճեան եւ իր դասակիցը արժանացան յատուկ պարգեւատրումի:
Յունական լրատուական միջոցներուն կատարած յայտարարութիւններուն ընթացքին, Տիմիթրի Գասարճեան ըսաւ. «Այս արհեստագիտութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ կաթի նոյն քանակով, 10-20 տոկոսով աւելցնել պանիրի արտադրութիւնը. օրինակ՝ աւանդական գործընթացով 100 քիլօ ոչխարի կաթէն կ՛արտադրուի 25 քիլօ պանիր, սակայն այս նորարական ձեւով՝ 28 քիլօ»: Կատարուած յայտնագործութեան մասին օրին անդրադարձան ծանօթ յունական եւ օտար բազմաթիւ տպագիր թերթեր եւ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներ, ինչպէս նաեւ՝ գիտական-գիւղատնտեսական նիւթերով զբաղող մասնայատուկ պարբերաթերթեր:
Գիտական գնահատումներուն համաձայն՝ կը սպասուի, որ նոր արհեստագիտութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունենայ պանրագործութեան վրայ, բարելաւելով արտադրութեան միջոցները։ Եթէ այս նորարական ձեւը որդեգրուի երկրին ամբողջ արտադրական ոլորտին մէջ կարելի է ապահովել առաւել քան 30 միլիոն եուրոյի տարեկան խնայողութիւն, որ հիմնական նուաճում մը կը նկատուի:
Երկու երիտասարդ գիտնականները յայտնեցին, որ կը միտին այս ծրագիրը ընդլայնել միջազգային գետնի վրայ եւ անոր գործադրութեան ձեւերը ներկայացնել գիտական ժողովներու եւ հրատարակութիւններու միջոցով, ինչպէս նաեւ միջազգային առեւտրական ցուցադրութիւններու ընթացքին:
Նշենք, որ Տիմիթրի Գասարճեան եղած է ՀԿ Խաչի Զաւարեան Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ, անդամակցած է ՀՄԸՄի սկաուտական շարքերուն եւ մաս կազմած է ՀՄԸՄի Քոքինիոյ մասնաճիւղի վոլիպոլի խումբին: