ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան անդրադարձաւ ապօրինի որդեգրումներուն վերաբերեալ քրէական գործին՝ նշելով, որ իր գլխաւորած գերատեսչութիւնը լիազօրութիւններու ծիրին մէջ կը կանոնակարգէ ծնունդի օգնութեան ծառայութիւններու մատուցումը:
«Ի հարկէ, դրա մէջ նաեւ ներառում ենք այնպիսի գործընթացներ, որոնք կը կանխարգելեն բուժաշխատողի եւ ապագայ մօր կամ հարազատների միջեւ ոչ-օրինական յարաբերութիւնները: Նաեւ հիմա փորձում ենք կանոնակարգել յետ-ծննդեան այնպիսի դէպքերի վարումը, որոնք մինչ այս կասկածներ էին առաջացնում յղի կանանց մօտ, թէ ուր է իրենց մահացած երեխայի դին: Այդ մասը կանոնակարգման առումով մի քիչ բաց էր, փորձելու ենք այնպէս անել, որ թէ՛ ամէն ինչ պարզ լինի, թէ՛ ամէն ինչ լինի ծնողների համաձայնութեամբ եւ թէ նման կարգերը խախտելու դէպքում պատիժ լինի», ըսաւ Արսէն Թորոսեան:
Ըստ նախարարին՝ գործի ծիրին մէջ կան դրուագներ, որոնց պարագային բժշկական անձնակազմի անդամները դրդած են ծնողները՝ լքելու իրենց զաւակները։ «Մենք նաեւ բուժաշխատողների համար կրթական ծրագրեր կ՛իրականացնենք», նշեց ան:
Խօսելով երեխաներու ապօրինի որդեգրումներուն կազմակերպուած բուրգի առկայութեան մասին՝ նախարարը ըսաւ, որ այդ մասին շատ խօսուած է, բազմաթիւ անձեր ներգրաւուած են՝ ըստ քրէական գործի նիւթերուն, եւ պէտք է սպասել քննչական մարմիններու գործողութիւններուն: