ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Խարբերդի (թրքական անուանումով՝ Էլազըղ) թանգարանային վարչութեան համակարգմամբ հայկական Բիւրակնի (Պինկէօլ) Նորիկ հողաբլուրին վրայ կատարուած պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած են 4500ամեայ հնութեամբ կուժեր, կը հաղորդէ թրքական «Իհլաս» լրատուական գործակալութիւնը:
Աղբիւրին համաձայն՝ Էլազըղի թանգարանի տնօրէն Զիա Քըլըչի ղեկավարութեամբ եւ Ֆըրաթ համալսարանի հնագիտութեան բաժինի վարիչ՝ դոկտ. Ապտուլքատիր Օզտեմիրի գիտական խորհրդատուութեամբ, Պինկէօլի Սոլհան գաւառի Մուրատ գիւղին մէջ գտնուող Նորիկ հողաբլուրին վրայ կատարուած պեղումներուն արդիւնքով յայտնաբերուած են բազմաթիւ գտածոներ, որոնց մէջ կան նաեւ 4500ամեայ կուժեր:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Նորիկ հողաբլուրին վրայ կատարուած պեղումներուն շնորհիւ ուրարտական շրջանին պատկանող 3600ամեայ բնակավայր մը յայտնագործուած էր: Զիյայ Քըլըչ լրատուամիջոցներուն յայտնած էր, որ 158 հնագէտի մասնակցութեամբ իրականացուած սոյն աշխատանքներուն ժամանակ մինչ այժմ բազմաթիւ գտածոներ յայտնաբերուած են, որոնց շարքին յիշատակման արժանի են յատկապէս ուրարտական դարաշրջանի գերեզմանոցէ մը գտնուած պրոնզէ գօտիները: Վերջիններուս վրայ կան ռազմական տեսարաններ: