ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մեկնարկած են Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նուիրուած «Հարսանիք Թիկունքում» ներկայացումը ժապաւէնի վերածելու աշխատանքները Գիւմ-րիի դրամատիկական թատրոնին մէջ՝ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
Գիւմրիի դրամատիկական թատրոնէն կը յայտնեն, որ 2018ին բեմ բարձրացած ներկայացումը շուտով պիտի ցուցադրուի շարժապատկերի բոլոր սրահներուն մէջ՝ կարելիութիւն ստեղծելով նաեւ սփիւռքահայերուն, դիտելու այս ժապաւէնը։
30 Մայիս 2018ի առաջին ներկայացումէն մինչեւ օրս «Հարսանիք Թիկունքում» ներկայացումը խաղցուած է 65 անգամ՝ ունենալով շուրջ 33,000 հանդիսատես: Ներկայացումը տեղի ունեցաւ Երեւանի, Արցախի, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հանրապետութեան շարք մը քաղաքներու մէջ:
Այս տարի Գիւմրիի դրամատիկական թատրոնը առաջարկ ստացաւ «Հարսանիք Թիկունքում»ը մեծ պաստառ բարձրացնելու 2020ի գարնան:
Ստեղծագործական խումբին մէջ ներառուած են բեմագիր Անահիտ Աղասարեան, բեմադրութեան հեղինակ Լիւդվիգ Յարութիւնեան, բեմադրիչ Արշալոյս Յարութիւնեան, նկարահանութեան պատասխանատու Սուրէն Թադեւոսեան, նկարիչ Գարեգին Եւանգուլեան, զգեստներու նկարիչ Լուսինէ Խաչատրեան, յօրինող Հայկօ, արտադրիչ Արման Միտոյեան: