
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մահախօսական կամ դամբանական գրող, պատրաստող եւ կարդացող մը չեմ եւ չեմ ալ ուզեր ըլլալ: Հաստատապէս ծանր է եւ յուզիչ: Սակայն այնպէս կ՛երեւի, թէ «հարկ՝ լուծանել զօրէնս» հայկական առածը ինծի համար ալ գրուած ըլլար, որովհետեւ յաճախ ե՛ւ ստիպուած, ե՛ւ կամաւոր կը շեղիմ իմ այս որոշումէն: Որովհետեւ բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, թէ ճակատագիրի բերումով մէկիկ-մէկիկ մեզմէ կը բաժնուին հարազատներ, բարեկամներ, կրթական մշակ-ընկեր-դրացի ու նաեւ սերունդի մը մարդիկը, որոնք իրենց գործը աւարտելով կամ կիսաւարտ, «կը բաժնուին» այս աշխարհէն, իրենց ետին ձգելով բաց մը: Ուստի, ճիշդ այդ «բացը» մատնանշելու եւ զայն յայտնաբերելու միտումով, կեանքի կը կոչեմ բառերս ու իբրեւ յարգանքի վերջին տուրք՝ միտքիս եւ յուշերուս հոսքը կը տեղադրեմ սեւով ճերմակ թուղթիս տողերուն վրայ, երախտապարտ զգացումով:
Հապա՞ ա՛յս անգամ: Միտքս պարզեմ:
Շուրջ քառասուն օրեր առաջ, Միացեալ Նահանգներու Թէնըսի նահանգին մէջ, բոլորէս անշշուկ հեռացաւ Լիբանանի մեր սիրելի աքելլան՝ Յակոբ Կարապետեան անուն տարէց խարբերդցին, մեծ կարօտի մը զգացողութիւնը ժառանգ ձգած իր հարազատներուն եւ շրջապատին: Մէկ խօսքով՝ օրինակելի ծառայութեամբ եւ հաւատքով եւ վարակիչ ապրումով հայ մը, տիպար, ե՛ւ համեստ, ե՛ւ գիտակից կեանքով ապրած միութենական:
Զինք կը ճանչնայի իբրեւ բազմաճիւղ տոհմի մը վերջին նահապետը, որ շուտով այս օրերուն պիտի դառնար մէկ դարու մարդ եւ որ ապրեցաւ Եղեռնի ու նաեւ յետ-Եղեռնի տարագրուած հայրենասիրական մթնոլորտին մէջ, կրելով բոլոր օրերու բազմաշերտ եւ բազմագոյն բեռը:
Աքելլայի իր մակդիր-կոչումէն անդին, զինք ճանչցած եմ իբրեւ երէց եղբայր մը, որուն սիրտը միշտ բաբախած էր իր միութեան համար: Միութիւն ըսի, պէտք է հաստատէի, որ այդ մէկը ՀՄԸՄն էր, որուն իմաստուն սկզբունքին յենելով, ան շարունակեց իր կեանքը՝ հաւատարիմ գործին եւ հայկական աւանդութեանց:
Ան ամուսնացած էր Հալէպի Ազգ. Ք.Ե. Ճեմարանի իմ շատ սիրելի ու յարգելի ուսուցչուհի Երան Ջաղացպանեանի հետ: Անոնք ունեցան երկու մանչ զաւակ՝ Նարեկ եւ Շանթ, որոնց տուին հայեցի կրթութեամբ պատշաճ դաստիարակութիւն ու նաեւ ազգային ու մարդկային իմաստնութեան սկզբունքներ: Իսկ ինք շարունակեց իր կեանքը՝ դառնալով օրինակելի դրօշակակիրը, պատիւ բերելով իր ընտանիքին եւ պատկանած միութեան:
Իրեն համար ՀՄԸՄը հայու կեանքի հրաշքներէն մէկն էր: Իր իւրաքանչիւր գայլիկին, սկաուտին ու մարզիկին ներշնչած էր եղբայրական սքանչելի ոգի եւ սորվեցուցած էր բոլորին ըլլալ միշտ պատրաստ՝ հայ ազգին ընծայելու միշտ լաւագոյնը: Ամէն մէկ կակուղ թաթիկ, մրջնիկ, գայլիկ, սկաուտ, արենոյշ կամ վարիչ պատասխանատու, որ անցաւ իր շարքերէն, կրնայ անվերապահօրէն այս բոլորը հաստատել: Որովհետեւ ի՛նք կը հաւատար եւ նոյն ձեւով ալ կը դաստիարակէր, թէ ՀՄԸՄը սովորական միջավայր մը չէր, եւ ոչ ալ մարդերու համախմբում՝ այլ դպրոց մը, օճախ մը, դարբնոց մը մարդակերտումի եւ հայակերտումի:
Բոլորին ներարկած էր ազգային բարձր ոգի ու խորունկ գիտակցութիւն: Միշտ եւ ամէն հանդիպողի երգած էր սկաուտական կամ գայլիկներու երգեր: Բոլորին յիշեցուցած սկաուտական կանչերը եւ իբրեւ հաւատաւոր աքելլա, միշտ ձախ ձեռքով բարեւած էր, միաժամանակ իր քաղցր ժպիտը խառնելով իր մաղթանքներուն:
Կենսագրութիւնը մարդուս դիմանկարն է՝ ըսած էին մեր մեծերը, անոր ապրած կեանքն ու անցած ճանապարհը իր բոլոր գոյներով, ելեւէջներով, հնարաւորութիւններով, ուրախութիւններով, տխրութիւններով եւ զանազան վերավայրումներով: Եւ իր տարիքի մարդիկ յիշողութեամբ կ՛ապրէին: Յուշեր ունենալ կը նշանակէ ունենալ անցեալ, եւ այդ անցեալը մասնիկ մըն էր նոյն մարդուն կեանքին: Սա կը նշանակէ, թէ այդ մարդը ապրուած կեանք մը ունեցած էր:
Ու ի՜նչ բախտաւորութիւն է, երբ օր մը կը հանդիպիս եւ կը բարեկամանաս նման հայու մը:
Անոնք, որոնք զինք չեն տեսած, անկասկած, որ իրեն հանդիպած վայրկեանին պիտի նշմարէին, որ իր նկարագիրի մեծութեան կողքին ան խաղաղ նայուածք մը ունէր, որ մշտաժպիտ իր դէմքին վրայ պահած, իր հետ կը պտըտցնէր ամէն տեղ:
Հաստատապէս զուտ յարգանք է իմ այս բաժինը, որ խիտ տողերու սահմաններէն ներս կամաց-կամաց սկսած եմ տեղաւորել:
Ու բոլորին նման ես ալ զինք միշտ պիտի յիշեմ՝ թեթեւ ժպիտ մը շալկած դէմքով եւ տակաւին երկու փոսերու մէջ հանդարտ եւ անձայն լողացող երկու աչքերով եւ մեղմ ու համոզիչ ձայնով: Վեհ սիրտ մը ունէր, որ կը բաբախէր ՀՄԸՄի համար, որուն կեանքին իր շունչն ու քրտինքը բերաւ խառնելու: Ինքնուրոյն եւ եզակի դեմագիծ: Իր մօտ միշտ կարօտն ու խանդավառութիւնը կեանք կը ներարկէին: Ան այս ձեւով էր, որ մուտք գործած էր բոլորիս սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ, պարզ ու յստակ, թարմ ու առողջ, նոր ու վստահութիւն ներշնչող հայաշխարհով:
Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին «աքելլայական», եթէ ներելի է նման բացատրութիւն, իր գեղեցիկ ոգին պտըտցուց իր հետ: Խաղաղասէր, աստուածավախ, մարդասէր, բարի եւ հիւրասէր էր: Նոյնիսկ օտարը սիրելու եւ ընդունելու ունակութեամբ հաւատք եւ վճռականութիւն փոխանցեց շուրջիններուն:
Կար ժամանակ, երբ մարդիկ աւելի տոկուն էին իրենց հաւատքին մէջ, աւելի խոնարհ՝ իրենց ծառայութիւններուն եւ ուղղամիտ՝ իրենց կեցուածքներուն մէջ, օրինակ դառնալով եւ ներշնչում դառնալով ամէնուն:
Եւ ահա մեր բոլորին աքելլան:
Պիտի օրհնուի անունը: Պիտի մնան իր խօսքերն ու յիշատակը: Ան լաւ գիտէր, որ մարդոց կեանքին մէջ ո՛չ հանգամանքը, ո՛չ փառքը, ո՛չ մակդիրը եւ ոչ ալ դրամը իր անմահութիւնը կ՛ապահովէին: Անոր համար ալ եղաւ միշտ լուսարձակներէ հեռու եւ այդ ձեւով ալ գործեց: Պարզապէս ինքզինք իր ջանքերով կերտած հայ մըն էր, խոնարհ եւ հայրենասիրական ոգիով:
Ինծի համար, անկախ իր յառաջացած տարիքէն, բացառիկ անձնաւորութիւն մըն էր, որ մնաց յարգուած ու ճանչուած մինչեւ իր մահը: Ու բոլորը սիրեցին զինք իր հանդարտաբարոյ, համեստ եւ դիպուկ ակնարկութիւններուն համար: Ոեւէ մէկուն հասցէին ժխտական կեցուածք չէր ունեցած: Իր սեւեռուն հայեացքին տակ առած էր պարզ, զուարթախոհ լեզուն եւ մանաւանդ ՀՄԸՄական ըլլալու եւ մնալու հպարտանքը, որ ժառանգ ձգած էր բոլորին:
Ինք հաստատապէս կը պատկանի օրհնուած այն փաղանգին, որ հայ նոր սերունդի հոգիներէն ներս հայութեան աւիշ ներարկեց, համբերութեամբ եւ հոգածութեամբ: Ստացաւ պատուանուններ, բազմաթիւ գնահատականներ, շքանշաններ եւ պահեց իր համեստութիւնը: Մէկ խօսքով, անկեղծ եւ գիտակցական կեանքով ապրող միութենական մը, որ նիւթականով չէր հետաքրքրուած, այլ զոհաբեր ոգիով, խոնարհ, ժպտախոհ ու տքնաջան լուռ գործով: Եզակի ապրումներով ու հաւատքով կը պատմէր ամէն յուշ եւ կ՛երգէր ամէն երգ կամ կանչ: Իր նմանները մեզի կը բերեն այն թելադրանքն ու բաղձանքը, որ միութեան ծառայելու անսակարկ վաստակը բոլորիս համար դառնայ ներշնչում եւ հաւատքով ու նուիրումով աշխատանքը՝ իբրեւ առաքելութիւն:
Սրտի եւ յարգանքի այս խօսքերս փակելու համար, երախտապարտ զգացումներով նաեւ աւելցնեմ, որ այս քանի մը պարբերութիւններուն մէջ խտացած մտածումներս, իբրեւ ծաղկեփունջ կը բերեմ իր հեռաւոր հողակոյտին՝ յիշելով իր ժպիտը, իր ձայնը եւ իր միութենականի հպարտանքը:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Աքելլայիս
ՏԻԳՐԱՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Իմ յարգելի Աքելլա,
Իմ սիրելի Աքելլա,
Այն ինչ որ ըսեմ հիմա,
Երախտիքս թող ըլլայ:
Կեանքի Ուսուցիչիս
Սիրելի Աքելլա,
Դուն եղար կեանքիս,
Ուսուցիչս՝ համբերութեան,
Առաջնորդս՝ անկեղծութեան,
Սրտիս խորը ցանեցիր,
Հունտը մարդկութեան,
Ու հաւատարմութեամբ
մինչեւ հիմա,
Քեզմէ ժառանգած,
Իբրեւ մեծ երախտաւոր,
Քեզի կը հետեւիմ:
Ա՜խ որքան կ՛ուզէի,
Միշտ ուսում առնել,
Էջերով քու մասին գրել,
Շատ աւելի երկար գրել,
Ու վերջը,
Բոլոր մատիտներովս,
Երկնքի ճակտին,
Այդ կապոյտ անհունին,
Անունդ արձանագրել:
Իմ սիրելի Աքելլա,
Դո՛ւն մեր վոհմակի
Մեծ առաջնորդն էիր հաստատ,
Շատ բաներ սորված եմ քեզմէ,
Ու մենք կարգապահ
վեցեակներով,
Քաղաքավար մեր կեցուածքով,
Շունչիդ տակ բազմացանք,
Եւ յառաջացանք
հպարտութեամբ,
Զարմացնելով շրջապատն
ամբողջ:
Դո՛ւն եղար նոր սերունդներուն,
Մեծ առաջնորդը պատուական,
Ուստի տօնական այս օրերուն,
Միայն ու միայն
Քեզի համար յստակ,
Թող աշխարհի զանգակներն բոլոր,
Ղօղանջեն երկար,
Արձագանգելով անվերջ մէջն մեր
Սրտերուն ու հոգիներուն:
Ամէն օր եւ ամէն ժամ,
Սրտանց կ՛աղօթեմ քեզի համար,
Որ կեանքդ ըլլայ առողջ ու երկար,
Թող նոր արշալոյսեր
սրտէդ ծագին,
Եւ թող սրտիդ զարկերը բոլոր,
Իբրեւ փարոս հսկայական,
Լուսաւորեն մեր բոլորին,
Կեանքերը բարի,
Անհուն սիրովդ եղբայրական:
Իմ սիրելի Աքելլա,
Իմ յարգելի Աքելլա,
Այս բոլորը կը գրեմ,
Որպէսզի մնանք հեռու
փորձանքներէ,
Ու քեզ յիշենք միշտ ու յաւիտեան:
Վարձքդ կատար միշտ ըլլայ,
Դո՛ւն, մեր սիրելի Աքելլան:
«Աքելլա մեր լաւագոյնը»: