Կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. թագաւորին, Միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին (KAICIID) եւ «Ալ Հայաթ» քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման կազմակերպութեան 20էն 22 Դեկտեմբերին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ընթացք առաւ Միջեկեղեցական եւ միջմշակութային երկխօսութեան համար արաբական երիտասարդական ֆորումը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հրակ Տէտէեան:
Եռօրեայ այս համագումարին մասնակցեցան արաբական աշխարհին մէջ գործող զանազան մշակութային եւ կրօնական կազմակերպութիւններէ 90 երիտասարդ ներկայացուցիչներ, որոնք տարբեր նիստերու ընդմէջէն արծարծեցին երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան եւ համագոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը արաբական երկիրներուն մէջ:
Ժողովին աւարտին, մասնակցողները կազմեցին երկխօսութեան յանձնախումբ մը, որ պիտի աշխատի տարբեր շրջանակներէ երիտասարդներ համախմբել՝ ամրապնդելու համար հանդուրժողականութիւնը տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու հանդէպ: