ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական մամուլը 15 Յունուարին հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ Հայոց նորընտիր պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան Երեքշաբթի օր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի, ապա արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի կողմէ։ Նախագահը եւ նախարարը շնորհաւորեցին Մաշալեան սրբազանը ու մաղթեցին, որ այս ընտրութիւնը բախտաբեր ըլլայ երկրին ու հայ համայնքին համար։
Այս պաշտօնական այցելութիւններուն մասին պատրիարքարանը Չորեքշաբթի օր յղած իր հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնէ, որ պատրիարքին ընկերակցած էին պատրիարքական աթոռի Կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան եւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։
«Շուրջ մէկ ժամուան հանդիպման պահուն, նախագահը ուրախութիւն յայտնեց, որ հայ համայնքը տիրացած էր իր հոգեւոր պետին։ Ան շեշտեց, թէ հայ համայնքը եւս իր անուրանալի արժէքը ունի երկրին մէջ եւ ինք՝ իբրեւ նախագահ ուշադրութեամբ կը մօտենայ այս պատմական արժէքի հոգածութեան։ Սոյն հանգրուանով, հայ համայնքի համայնքային կեանքին մէջ նոր էջ մը կը բացուի եւ մաղթեց, որ բարեբեր ըլլար այս մէկը։ Պատրիարք հայրը, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար։ Անոր այցելութիւնը պաշտօնական բնոյթ ունէր եւ իբրեւ պատրիարք՝ յանուն ազգին շնորհակալութեան համար կը ներկայանար Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, որովհետեւ Մեսրոպ պատրիարքին վախճանելէն ետք, համայնքը վայելած էր նաեւ պետութեան հովանին եւ յաջողութեամբ պսակուած ըլլալով ընտրութեան գործընթացը, ժողովուդը տիրացած էր իր հոգեւոր առաջնորդին։ Ընդունելութեան առիթով համայնքային կեանքին մասին գաղափարի փոխանակումներ եւս տեղի ունեցան։ Հանդիպման աւարտին փոխադարձ նուէրներու յանձնումը կատարուեցաւ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։
Սահակ Բ. պատրիարքը եւ ընկերակիցները նոյն գիշերը օդային ճամբով վերադարձան Պոլիս։