ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դատախազութիւնը մերժեց Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի գոյքին վրայ կալանք դնելու որոշման դէմ պաշտպան Ամրամ Մակինեանի բողոքը: Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի գլխաւոր դատախազութենէն:
Աւելի կանուխ, Յատուկ քննչական ծառայութիւնը Սերժ Սարգսեանի գոյքին վրայ‘ ենթադրեալ յանցագործութեամբ եղած վնասին չափով կալանք դրած էր: Անոր պաշտպանը՝ Ամրամ Մակինեան, բողոքարկած էր:
Յատուկ քննչական ծառայութիւնը աւարտեց Սերժ Սարգսեանի գործով նախաքննութիւնը: Քրէական գործով կան եւս 4 մեղադրեալներ, որոնց կարգին՝ «Ֆլեշ» ընկերութեան սեփականատէր Բարսեղ Բեգլարեան: