ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յատուկ քննչական ծառայութիւնը աւարտեց Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի գործով նախաքննութիւնը:
Ըստ Յատուկ քննչական ծառայութեան՝ վարոյթ իրականացնող մարմինը քրէական գործով ձեռք բերուած ապացոյցները բաւարար նկատեց՝ քրէական գործով մեղադրական եզրակացութիւն կազմելու եւ գործը դատարան ուղարկելու համար, որուն մասին փոխանցուեցաւ մեղադրեալներուն եւ անոնց պաշտպաններուն։ Գործի նիւթերը տրամադրուած են վերջիններուն՝ առ ի ծանօթացում։
Քրէական գործով կան եւս 4 մեղադրեալներ, որոնց կարգին՝ «Ֆլեշ» ընկերութեան սեփականատէր Բարսեղ Բեգլարեան։