Աբխազիոյ մէջ տեղի ունեցող ընդդիմութեան ցոյցի մը ընթացքին 500 ցուցարարները կոտրեցին նախագահական նստավայրին մուտքի դուռը եւ պահանջեցին նախագահին հրաժարականը։
Ապահովութեան ծառայութեան աշխատակիցները փակեցին անոնց ճամբան։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը։
Ցոյցին կազմակերպիչներէն մէկն է Ախրա Աւիծպա, որ նախապէս կը պահանջէր ներքին գործոց նախարար Կարի Արշպայի հրաժարականը։
Աբխազիոյ վարչակազմը պետական յեղաշրջման փորձ որակեց մայրաքաղաք Սուխումի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ներառեալ՝ ընդդիմութեան կողմնակիցներուն յարձակումը պետական հաստատութիւններու վրայ։ Ան դիտել տուաւ, որ իշխանութիւնը իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի հանրապետութեան կացութիւնը պահէ սահմանադրական հունի մէջ։
Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Միրապ Քիշմարիա յայտարարեց, որ Աբխազիոյ զինեալ ուժերը իրադարձութիւններուն չեն միջամտեր։