Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտնեց, թէ 11 հրթիռներ հարուածեցին Իրաքի մէջ Այն Ասատ ռազմակայանը, իսկ առնուազն մէկ հրթիռ ինկաւ Իրպիլի մէջ։
Միւս կողմէ, Իրանի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, թէ առնուազն երեք վայրերէ 16 կարճ հասողութեամբ թեւաւոր հրթիռներ արձակուած են։
Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետերու միացեալ մարմինի ղեկավար Մարք Միլի ըսաւ, թէ տակաւին կանուխ է վստահ ըլլալու, թէ ամերիկեան ռազմակայաններուն դէմ իրանեան յարձակումը վերջ գտած է՝ շեշտելով, որ յարձակումին նպատակը, կը թուի, թէ մարդկային կորուստներ պատճառելն էր։
Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդին մէջ օդատիեզերական ուժի հրամանատար զօր. Ամիր Ալի Հաճիզատէ իր կարգին դիտել տուաւ, որ կրնային Իրաքի Այն Ասատ ռազմակայանին մէջ ամերիկացի զինուորներուն գտնուած վայրը հարուածել։ «Սակայն մեր թիրախը անիկա չէր։ Մեր նպատակը ռազմակայանին մէջ հրամանատարական կեդրոնի սենեակը քանդելն էր, ինչ որ յաջողեցանք ընել, ինչպէս նկարները ցոյց կու տան», ըսաւ Հաճիզատէ։
Ան վստահեցուց, որ Այն Ասատ ռազմակայանին դէմ կատարուած գործողութիւնը առաջին փոխա-դարձ քայլն է զօր. Քասեմ Սլէյմանիի սպանութեան համար պատիժին, որուն նպատակը տարածաշրջանէն ամերիկեան ուժերուն հեռացումն է։ Զօր. Հաճիզատէ դիտել տուաւ, որ ամերիկեան 9 օդանաւեր վիրաւորները Այն Ասատ ռազմակայանէն Իսրայէլ եւ Յորդանան, ինչպէս նաեւ Պաղտատի մէջ հիւանդանոցներէն մէկը տեղափոխած են։
«Տարածաշրջանին մէջ ամերիկացիներուն ներկայութիւնը այլեւս վտանգուած է», ըսաւ ան եւ անոնց կոչ ուղղեց՝ «տեղի ունեցածէն դաս քաղելու եւ տարածաշրջանէն կամաւորաբար հեռանալու»։