ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 2 Յունուարին, Թուրքիոյ Ազգային Մեծ ժողովի արտակարգ նիստին, 184 դէմ, 325 թեր քուէներով ընդունուեցաւ Լիպիա զօրք ուղարկելու բանաձեւը: Այս մասին կը յայտեն թրքական լրատուամիջոցները՝ նշելով, որ, բանաձեւին համաձայն, թրքական զօրքերը Լիպիա պիտի մնան մէկ տարի:
Բանաձեւին ընդունումէն ետք կ՛ակնկալուի, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ բանակի հրամանատարը յայտարարեն ուղարկուելիք զօրքի թիւին մասին։