ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու 6 Յունուարին այցելեց Հայոց պատրիարքարան եւ շնորհաւորեց հայերուն Սուրբ Ծնունդը։
«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարք, Սահակ եպս. Մաշալեան 6 Յունուարին կազմակերպուած Սուրբ Ծնունդի ընդունելութեան ընթացքին դիմաւորեց նաեւ Պոլսոյ քաղաքապետը, որ պատրիրաքին խօսքէն ետք շնորհաւորեց հայերը՝ շեշտելով, որ 2020ը պիտի ըլլայ պատրիարքարանի նոր աշխատանքներու տարի։
Հայոց պատրիարքարան այցելութենէն ետք քաղաքապետը այցելեց Եշիլքեոյի հայկական Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի եւ հանդիպում ունեցաւ հայ համայնքին հետ։