– 17 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած Ուքրանիոյ նախագահին Պաքու այցելութեան սեմին, Քիեւ արտաքսեց ատրպէյճանցի ընդդիմադիր լրագրող, ազգութեամբ թալիշ Էլվին Իսաեւը, որուն դէմ Պաքուի մէջ քրէական շինծու հետապնդում տեղի կ՛ունենայ։
– Նախագահ Թրամփի վարչակազմին ջանքերով վաւերացուած տուրքերու նոր օրէնքին հետեւանքով, 2018ին Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստ 500 ընկերութիւններէն 91ը ոչ մէկ տոլար եկամուտի տուրք վճարած են, իսկ շահ ապահոված 379 ընկերութիւնները արդէն իսկ նուազեցուած 21 տոկոսին փոխարէն, միայն 11.3 առ հարիւր տուրք վճարած են։
– 2018ին, բնական աղէտներու իբրեւ արդիւնք տեղահան եղած Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն թիւը հասած է 1.2 միլիոնի։