ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար Մարք Էսփեր արձագանգեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրդողանի կողմէ կատարուած՝ Ինճիրլիքի խարիսխը փակելու սպառնալիքին։
Ան ըսաւ, որ այս մասին տեղեկատուութիւնը ստացած է թերթերէ: «Պէտք է խօսիլ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին հետ՝ հասկնալու համար, թէ իրականութեան մէջ ինչ նկատի ունեցած են եւ որքան լուրջ տրամադրուած են», մանրամասնեց Էսփըր:
Աւելի կանուխ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն նշած էին, որ Թուրքիոյ ռազմակայաններուն օգտագործումը մաս կը կազմէ ՆԱԹՕի գծով համագործակցութեան: Փենթակոնի ներկայացուցիչ մը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը ձգտի պահպանել այդ յարաբերութիւնները, դարձեալ Թուրքիոյ կոչ ընելով՝ ռուսական «Էս. 400»ներու հարցին գծով կառուցողական քայլեր առնելու: