ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական (ԳԶՎ) Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքը կը շնորհաւորէ մեր վարժարանի հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան երկարամեայ ուսուցչուհի Կարինէ Սնապեան Փանոսեանը:
4 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Պասքերու մշակութային կեդրոնին մէջ, Փանոսեան արժանացաւ Քալիֆորնիոյ Միջնակարգ դպրոցներու միութեան 4րդ շրջանի «Տարուան Ուսուցիչ» մրցանակին: Սոյն մրցանակը ամէն տարի կը շնորհուի Քալիֆորնիոյ նահանգէն 22 ուսուցիչներու, տնօրէններու եւ կրթական ու վարչական պատասխանատուներու, որոնք օրինակելի եւ բացառիկ կրթական գերազանցութիւն կը ցուցաբերեն:
Փանոսեան 21 տարիներ շարունակ, իր կոչումին հաւատարիմ եւ առաքելութեան գիտակից, անխոնջ ու անսպառ, եռանդով ու խանդավառ՝ այս օտար ափերուն հասակ առնող մեր մատղաշ սերունդը կը պատրաստէ, որպէսզի իրենց մայրենիով կերտեն իրենց ինքնութիւնը եւ ծանօթանան մեր մշակոյթին, պատմութեան, կրօնքին, ազգային արժէքներուն ու դարաւոր աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն ու տէր կանգնին Հայ Դատին:
Փանոսեանի նպատակներէն է նորահաս սերունդի հայեցի դիմագիծի պահպանումը: Ան զանազան միջոցներով կապ կը պահէ շրջանաւարտներու հետ եւ կը քաջալերէ զանոնք, որպէսզի մասնակցին գաղութի զանազան ձեռնարկներուն եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններուն:
Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը, ԳԶՎ վարժարանի Խնամակալ մարմինը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը կը շնորհաւորեն Փանոսեանը եւ խորապէս կը գնահատեն անոր երկարամեայ ազգանուէր աշխատանքը եւ նուիրումը:
Վարձքդ կատա՛ր տիկին Փանոսեան։
(Թղթակցութիւնը՝
վարժարանէն)