
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի 25րդ ընտրատարածքի գործարար կանանց իրագործումներու եւ մեծարումներու նուիրուած ծերակուական Էնթըընի Փորթանթինոյի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող տարեկան ձեռնարկը իրականացաւ Չորեքշաբթի, 4 Դեկտեմբերին, «Քեսթըուէյ» ճաշարանին մէջ։
Շրջանի տնտեսութեան բարգաւաճման մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար այս ձեռնարկին ընթացքին մեծարուածներուն մէջ կային նաեւ հետեւեալ հայուհիները.
– Կամաւոր սպասարկուներու մարզին մէջ՝ Թալին Եագուպեան, որ ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ատենապետն է, ինչպէս նաեւ կը ծառայէ ՀԲԸՄի «Հայ Կին» միաւորին ընդմէջէն։ Ան վարչութեանց անդամ է նաեւ Ամերիկայի Հայկական համագումարին, Հայաստան համահայկական հիմնադրամին եւ Հայ-Ամերիկեան թանգարանին։
– Հեղինակութիւն կերտելու մարզին մէջ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄը, որ իբրեւ բարեսիրական միջազգային կազմակերպութիւն կը հասնի հայութեան ընկերային, կրթական եւ առողջապահական կարիքներուն։ Շրջանին մէջ իր հիմնադրութեան 35ամեակը տօնող ՀՕՄուհիները կենսական սպասարկութիւններ տրամադրած են թէ՛ տեղւոյն եւ թէ աշխարհասփիւռ կարիքաւորներու, միաժամանակ իր լուման բերելով հայերէնի եւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման ջանքերուն։ Շրջանին մէջ, ՀՕՄը ունի առաւել քան 1200 անդամներ, որոնք կը գործեն Քալիֆորնիոյ, Արիզոնայի, Նեւատայի եւ Թեքսասի մէջ հաստատուած մասնաճիւղերուն մէջ։
– Իրաւագիտութեան ոլորտին մէջ՝ Արմենուհի Արեւշատեան եւ Լուսի Վարպետեան։ Դատաւոր Արմենուհի Արեւշատեան Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանին դատաւորներէն մէկն է եւ կը հանդիսանայ Հայաստան ծնած առաջին հայուհին, որ դատաւոր դարձած է Միացեալ Նահանգներու դատական համակարգին մէջ։ Ան արժանացած է շարք մը մրցանականերու։ Իրաւաբան Լուսի Վարպետեան համաատենապետն է Հայ Իրաւաբանական միութեան եւ գլխաւոր օգնականը Կլենտէյլ քաղաքի դատախազին, ինչպէս նաեւ վարչութեանց անդամ է Կլենտէյլի Երիտասարդ քրիստոնեայ կանանց միութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԲԸՄի վարչութեանց։

– Բժշկութեան մարզին մէջ՝ տոքթ. Սրբուհի Գասպարեան, որ բժշկական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ նորածիններէն մինչեւ տարեցներու, միաժամանակ դասաւանդելով եւ իր փորձառութիւններով նպաստելով ուսանողներու եւ փորձառական շրջաններ անցընողներու, որպէսզի դառնան ապագայի բժիշկները։ Ան յաճախած է Ֆիլատելֆիոյ համալսարանի «Թամըս Ճեֆըրսըն» բժշկական դպրոցը եւ փորձառական շրջանը անցուցած է «Քայզըր Փըրմընենթ»ի մէջ։
– Կրթական ոլորտին մէջ՝ Անի Քէշիշեան եւ Թալին Գրիգորեան Արսէնեան։ Անի Քէշիշեան Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանի Արհեստավարժներու զարգացման կեդրոնի վարիչի օգնականն է եւ մասնակցած է համալսարանին ուսանողութեան թիւի աճին օժանդակելու, դասանիւթերու ամողջական ցանկագրումին եւ նոր դասանիւթերու գոյացման ջանքերուն։ Թալին Գրիգորեան Արսէնեան Կլենտէյլի Ուսուցիչներու միութեան նախագահն է վերջին 4.5 տարիներուն եւ մեծապէս նպատասած է կրթաշրջանի ուսուցիչներուն ու աշակերտներուն պայմաններուն բարելաւման։ Ան թոռնիկն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու։
Ծերակուական Փորթանթինօ դրուատեց իւրաքանչիւր մեծարեալին ներդրումը՝ նշելով, որ անոնք մեծապէս կը նպաստեն նահանգային Ծերակոյտի 25րդ ընտրատարածքի բարգաւաճման։