ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Նախախէս հաղորդած էինք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին, կ.ե. ժամը 3-5, տեղի պիտի ունենայ «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» խորագրուած հանրային հաւաք մը, որուն նպատակն է դրուատել Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու արշաւը յաջողութեամբ պսակած քոնկրեսականներու տարած աշխատանքը։
Հաւաքը տեղի պիտի ունենար «Ուուտպըրի» համալսարանին մէջ, սակայն վերջին վայրկեանին, համալսարանը որոշեց չհիւրընկալել հաւաքը։
Այս պատճառով, կազմակերպիչները որոշեցին հաւաքը իրականացնել Կլենտէյլի Հանրային Կեդրոնական գրադարանին գլխաւոր սրահին մէջ։
Հանրային հաւաքին ներկայ պիտի ըլլան Ներկայացուցիչներու տան թիւ 296 բանաձեւի համահեղինակ Էտըմ Շիֆ եւ գլխաւոր հովանաւորներէն Ճուտի Չու, որոնք մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցեն պատմական այս որոշումին վերաբերեալ։
Յիշեցնենք, որ 12 Դեկտեմբերին Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ նաեւ Ծերակոյտին կողմէ։ Այդ բանաձեւին համահեղինակներն են ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Թետ Քրուզ, իսկ Շիֆի կողքին, թիւ 296 բանաձեւին համահեղինակն էր Կաս Պիլիրաքիս։
Գրադարանին հասցէն է՝ 222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205), իսկ մուտքը ազատ է։ Տեղերը սահմանափակ ըլլալով՝ կը խնդրուի կանխաւ տեղեր ապահովել՝ դիմելով admin@ancawr.org հասցէին։