
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող եւ դատապարտող բանաձեւին միաձայն ընդունումը միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկան դարձած է: Լրագրողներուն աչքէն չէ վրիպած ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի յուզմունքը, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտին կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառին վրայ կատարուած կարեւոր շեշտադրումը ու բանաձեւին ի նպաստ հանրապետական ծերակուտականներու համախոհութիւնը, հակառակ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Թուրքիոյ անոր պաշտօնակից Էրտողանի ընդդիմութեան:
«Սի.Էն.Էն»ը «ցեղասպանութիւն» բառին նշումը համարած է նշանակալի քաղաքական զարգացում, շեշտելով, որ Թուրքիա մինչ կը շարունակէ պնդել, որ այդ սպանութիւնները ցեղասպանութիւն չեն: «Թրամփի վարչակազմը հանրապետական ծերակուտականներուն յորդորած էր արգելափակել նմանատիպ առաջարկները, այն պատճառաբանութեամբ, որ անոնք կրնան վնաս հասցնել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն», գրած է լրատու կայքը։
Հեղինակաւոր «Կարտիըն» թերթը եւս նկատել տուած է, որ Ծերակոյտը միաձայնութեամբ ճանչցած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականցուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հակառակ Թրամփի եւ Էրտողանի ջանքերուն: «Մինչեւ այժմ Թուրքիա կ՛օգտագործէր իր լծակները, իբրեւ ՆԱԹՕի անդամ եւ Ամերիկայի դաշնակից՝ ճնշելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ կը սպառնար երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ հաւանական հետեւանքներով: Սպիտակ տունը, մտահոգ՝ Էրտողանի հետ արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները աւելիով սրելու հաւանականութենէ, փորձեց ձգձգել քուէարկութիւնը, սակայն Հինգշաբթի օրը Թրամփ, կարծես թէ չկրցաւ համոզել Ծերակոյտի մէջ իրեն որեւէ կողմնակից՝ դէմ արտայայտուելու բանաձեւին», նշած է թերթը:
«Էն.Պի.Սի. Նիուզ»ի լրագրողի աչքէն չէ վրիպած բանաձեւի համահեղինակ Մենենդեզի յուզմունքը, բանաձեւին ընդունումէն ետք: «Շնորհակալ եմ, որ այս բանաձեւն անցաւ այն ժամանակ, երբ դեռ ողջ են այդ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած մարդիկ», ըսած էր է Մենենտեզ՝ խօսքը կեցնելով, որովհետեւ արցունքները սկսած էին խեղդել զինք: Լրատուամիջոցը նաեւ յիշեցուցած է, որ երեք տարբեր հանրապետական ծերակուտականներ վերջին քանի մը շաբաթներուն արգելակած էին բանաձեւը քուէարկութեան դնելու փորձերը:
Հեղինակաւոր «Նիւ Եորք Թայմզ»ը ամբողջ աշխարհի հայերուն համար խորհրդանշական յաղթանակ համարեց, որ առաջին անգամ ըլլալով Ծերակոյտը 1915ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1.5 միլիոն հայերու զանգուածային սպանդը ցեղասպանութիւն կ՛անուանէ։ Նշենք, որ միջազգայն շարք մը լրատու գործակալութիւններ, ներառեալ «Ա.Էֆ.Փէ.», «Ռոյթըրզ», «Էյ.Փի.», անդրադարձան լուրին։