ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որոշումով, այսուհետեւ 20 Յուլիսը պիտի ըլլայ Ճատրակի միջազգային օր, որուն վերաբերող բանաձեւին հեղինակներէն է Հայաստան։
Հայաստանի մէջ ճատրակը նշանաւոր է վաղ միջնադարէն, սակայն լայն ճանաչում ստացաւ Խորհրդային Միութեան տարիներուն: Անիկա երկրի ամէնէն ժողովրդական խաղերէն է: Հայաստանի մէջ ճատրակը աւելի մեծ ճանաչում ստացաւ, երբ 1960ական թուականներուն Տիգրան Պետրոսեան դարձաւ ճատրակի աշխարհի ախոյեան: Շուրջ երեք միլիոն բնակչութեամբ Հայաստան կը նկատուի աշխարհի ամէնէն աշխոյժ ճատրակ խաղացող երկիրներէն մէկը: Հայաստան աշխարհի մէջ մէկ շունչի հաշուով ամէնէն շատ ճատրակի վարպետ ունեցող երկիրներէն է: