ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին, Հայց. առաքելական եկեղեցին պիտի նշէ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին տօնը։
Այս առիթով, Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ պիտի մատուցանէ, դպիրներու ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տուչութիւն պիտի կատարէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ։ Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ սիրոյ ճաշ։
Շաբաթ օրը, առաջնորդ սրբազանը պիտի կատարէ ՀՕՄի «Շուշի» մասնաճիւղի «Վերժին Գուճաքեան» շաբաթօրեայ վարժարանին նորակառոյց խաղավայրին օրհնութիւնն ու բացումը։ Խաղավայրը հովանաւորած են Եմենիճեան եւ Գուճաքեան ընտանիքները, իրենց ծնողաց՝ Աբրահամ եւ Վերժին Գուճաքեանի յիշատակին։