ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբին, արուեստի գործերու միօրեայ եզակի ցուցահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5էն 9, միութեան կեդրոնին մէջ։
Պիտի ցուցադրուին Մարիէթ Մինասեան Օհանէսի ապակիի վրայ արուեստի եւ իւրայատուկ մոմերու, ինչպէս նաեւ Կաղանդի յատուկ նուրէներ։
Հասոյթէն մաս մը պիտի նուիրուի միութեան հրատարակչական հիմնադրամին։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Պոլսահայ միութեան կեդրոնին հասցէն է՝ 19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306։