ԱԹԷՆՔ.- Անցեալ շաբաթավերջին, Աթէնքի մէջ կազմակերպուեցաւ Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նուիրուած գիտական, միջազգային երկօրեայ խորհրդաժողով մը Յունաստանի Համապոնտական միութեան նախաձեռնութեամբ: Խորհրդաժողովը կը վայելէր Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութիւնը:
Բացումը կատարուեցաւ Աթէնքի Աքրոփոլիսի թանգարանի ամփիթատրոնին մէջ, Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի ներկայութեամբ: Խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւիրուած էին Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան եւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Խորհրդաժողովին աշխատանքները տարուեցան նորարար ու ամէնէն արդիական լսողատեսողական միջոցներով օժտուած «Նիարխոս» մշակութային կեդրոնի «Ֆարոս» սրահին մէջ, Շաբաթ, 8 եւ Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին:
Խորհրդաժողովը գագաթնակէտը կազմեց Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ 9 Դեկտեմբերին ՄԱԿի կողմէ որդեգրուած՝ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման դէմ օրուան:
Խորհրդաժողովը համախմբեց առաւել քան 25 գիտնականներ, ակադեմական բարձր վաստակի անձնաւորութիւններ, լրագրողներ, ցեղասպանագէտներ, պատմագէտներ, քաղաքագէտներ եւ հանրային գործիչներ, նպատակ ունենալով զարկ տալ ցեղասպանութեան ոճիրը ծանօթացնելու աշխատանքին, եւ յատկապէս անոր կանխարգիլման միջոցներուն, որպէսզի մարդկութիւնը հարուածող նման ծանր ոճիրներ երբեք չիրագործուին:
Ներկայ էին եւ զեկոյցներով հանդէս եկան Իսրայէլի մէջ Հոլոքոսթի հիմնարկի տնօրէն Իսրայէլ Չառնի, փրոֆ. Չենկիզ Աքթար, հետազօտող եւ գործիչ Թամեր Չիլինկիր, Ժընեւի դիւանագիտական համալսարանի փրոֆ. տոքթ. Ալֆրետ Մորիս Տէ Զայաս, Եզիտիներու միջազգային միութեան կողմէ Հայտար Էլիաս, Մարդկային իրաւանց միութեան կողմէ փրոֆ. Թեսա Հոֆման, Ալապամայի համալսարանի փրոֆ. Սթիվըն Ճէյքըպզ, Իսրայէլի «Պեն Կուրիոն» համալսարանի դասախօս փրոֆ. Պենի Մորիս եւ Տրոր Զ՛Էվի, Նիւ Օրլիընզի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Ռապըրթ Շենք, լրագրող Պենճըմին Ուէյնթըլ, Ռուանտայի մէջ ականատես դարձած վերապատուելի Քարլ Ուիլքընզ, հելլէն խորհրդարանի անդամ եւ յունաց սփիւռքի մնայուն յանձնախումբի նախագահ Սավաս Անասթասիատիս, իրաւաբան Փանաեոթիս Եաթաղանծիտիս, դերասան-բեմադրիչ Եորղոս Քոթանիտիս, Պրիւքսէլի համալսարանի փրոֆ. Լամպրոս Քուլուպարիցիս, փրոֆ. Վասիլիոս Մէյխանեծիտիս, Միզուրիի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Նիքոս Միխայիլիտիս, Համապոնտական միութեան նախկին նախագահ Եորղոս Փարխարիտիս, ՄԱԿի մէջ Գաղթականներու բարձրագոյն ատեանի խորհրդական Մերի Սթիլիտի, իրաւաբան Խրիսթոս-Տիմիթրիոս Թոփալիտիս, Արեւմտեան Մակեդոնիոյ համալսարանի փրոֆ. Կոնսթանտինոս Ֆոթիատիս: Skype-ի միջոցով կապուեցան Ամերիկայէն՝ Ցեղասպանութեանց միջազգային միութեան կողմէ տոքթ. Հենրի Թէերիօ եւ փրոֆ. Սամուէլ Թոթթէ:
Խորհրդաժողովին մասնակցողներուն կողմէ հնչած պատգամները յստակօրէն ամրագրեցին, թէ մարդկային հիմնական իրաւանց խախտումներու պարագաները լրիւ մերժելի են արդի արեւմտեան աշխարհին մէջ եւ պետութիւններու պարտքն է առաջատար դիրքերէ պայքար մղել, մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան համար եւ ցեղասպանութեան ոճիրներուն դէմ:
Շաբաթ, 8 Դեկտեմբերի երեկոյեան, կլոր սեղան-զրոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի եւ հելլէն խորհրդարանի երեսփոխան Անկելոս Սիրիղոսի կողմէ: Զրոյցը վարեց ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան: Մարութեան անդրադարձաւ «Յիշե՞լ, թէ մոռնալ «դժուար» անցեալը» նիւթին, լայնօրէն շեշտելով Հայոց Ցեղասպանութեան տուեալները ու կեդրոնանալով նոր սերունդներուն վրայ ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման: Ան շեշտեց ժողովուրդի դիմադրութեան դրուագները, մեր ազգի պատմութեան մէջ, որ հպարտութիւն եւ դիմադրողականութիւն կը հաղորդեն նորանոր սերունդներուն, որոնք պարտքը ունին յառաջ մղելու իրենց ազգային պայքարները:
Յաջորդաբար, խօսք տրուեցաւ հելլէն խորհրդարանի երեսփոխան Անկելոս Սիրիղոսին, որ Թուրքիոյ պատմական թէ արդի քաղաքական դիրքերուն անդրադարձող դիպուկ զեկոյցով մը շեշտեց այդ երկրի ղեկավարութեան կողմէ կատարուած ընտրանքներու դրդապատճառները եւ հետեւանքները: Իր զեկոյցը կը կրէր «Ցեղասպանութի՞ւն, թէ պատերազմի մը ճակատագրական հետեւանքը» խորագիրը: Ան խօսեցաւ նոյնինքն Թուրքիոյ պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր դերակատարներուն դէմ կատարուած հետապնդումներուն ու դատական վճիռներուն մասին, եւ շեշտեց ներկայիս, միջազգային քաղաքական ընտանիքին եւ Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած իրավիճակին, Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող յարձակողական քաղաքականութեան, ինչ որ կ՛ապացուցանէ, թէ այս երկրի փանթուրանական ծրագիրները երբեք փոփոխութեան չեն ենթարկուած:
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան խօսեցաւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի հանգրուաններուն մասին, օտար պետութիւններու կողմէ յաջողած Հայոց Ցեղասպանութեան իրերայաջորդ ճանաչումներուն եւ դատապարտումներուն, Թուրքիոյ հակազդեցութեան եւ ուրացման քաղաքականութեան մասին: Ան դրուատեց Համապոնտական միութեան այս նախաձեռնութեան իրագործումը, որ ցեղասպանութեանց պատմական փաստին ծանօթացման եւ թրքական ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ լուրջ նուաճում մըն է:
Նշենք, որ երկօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին, ներկայացումներ կատարուեցան հայերու, յոյներու, ասորիներու, եզիտիներու, ռուանտացիներու եւ հրեաներու ցեղասպանութեան պարագաներուն շուրջ: Յարակից նիւթերու շարքին, խօսուեցաւ Պոնտոսի մէջ յոյներու ներկայի իրավիճակին, Պոնտոսի մէջ մահմետականացուած յոյն ազգաբնակչութեան, Թուրքիոյ անպատժելիութենէն բխած յարձակողական շարունակուող քաղաքականութեան, իրաւական հարցերու, հատուցման իրաւունքի ամրագրումին, հրէական ու հայոց եւ յունական ցեղասպանութեանց միջեւ նման կէտերու առկայութեան, եզիտիներուն դէմ շարունակուող ցեղասպանութեան:
Խորհրդաժողովը յագեցած էր հարուստ թեմաներով, որոնք կը բացայայտէին այն տուեալը, թէ ցեղասպանութեան ոճրագործութիւնը միայն զոհերուն եւ անոնց վերապրած հետագայ սերունդներուն վերաբերող հարց չէ, այլ՝ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն է, զոր քաղաքակիրթ աշխարհը չի կրնար հանդուրժել, անկախ այն բանէն, թէ աշխարհի ո՛ր երկրին կամ ո՛ր ազգին դէմ ուղղուած է անիկա:
Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն աւարտին, Յունաստանի Համապոնտական միութեան կեդրոնական վարչութեան խորհուրդը, նախագահ Եորղոս Վարիթիմիատիսի գլխաւորութեամբ եւ խորհրդաժողովի դասախօսներուն մասնակցութեամբ, որոնց կարգին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան, Կիրակի, 8 Դեկտեմբերի գիշերը այցելեցին Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսին, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէր խորհրդաժողովը: