ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արժանթինի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքին՝ Քորտոպայի մէջ, երթեւեկի ցուցանակները թարգմանուած են հայերէնի: Քաղաքի իշխանութիւնները արդէն որոշ փողոցներու մէջ տեղադրած են երկլեզու՝ սպաներէն եւ հայերէն ցուցանակներ: Այս մասին, ըստ «Երկիր»ի, կը տեղեկացնէ Allinnet.info կայքը՝ Քորտոպայի հայ համայնքի «Ֆէյսպուք»ի էջին յղում կատարելով:
Նախաձեռնութեան հեղինակը քաղաքային խորհուրդի անդամ Լուքաս Պալեանն է. այս քայլը նուիրուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100ամեակին:
Քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչները շնորհակալական նամակ յղեցին Քորտոպայի քաղաքապետ Ռամոն Խավիէր Մեսթրէի: