ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ, 2020ի պետական պիւտճէի յանձնաժողովային քննարկումներէն ետք նախագիծը կը քննարկուի խմբակցութիւններուն մէջ:
3 Դեկտեմբերին, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիոսեանի եւ ելեւմուտքի նախարար Արթուր Յարութիւնեանի հետ քննարկեց 2020ի գլխաւոր ֆինանսական փաստաթուղթի նախագիծին վերաբերող հարցեր:
Խմբակցութեան պատգամաւորները լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին եւ զանազան ոլորտներու վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացուին կառավարութեան ներկայացուցիչներուն:
Անոնք նախ բարձրացուցին գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ ցուցանիշներու անկման հարցը՝ տուեալ ոլորտին մէջ շօշափելի արդիւնքներ ապահովելու համար կարեւոր նկատելով համագործակցականներու տնտեսութիւններու զարգացումը՝ պետական աջակցութեամբ։
Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան առաջարկեց արժեզրուած աւանդները, գոնէ Հայաստանի մէջ կիրարկուող մեքանիզմով՝ այսինքն ամբողջութեամբ փոխհատուցել: Ան հարցումներ ուղղեց նաեւ լրացուցիչ միջոցներ տրամադրելու միջոցով Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու լիազօրութիւններու ընդլայնման, ժողովրդագրական վիճակի բարելաւման ուղիներու, թատրոնի շէնքի վերանորոգման, համացանցային հասանելիութեան եւ այլ հարցերու մասին:
Պատգամաւոր Ռիտա Մնացականեան բարձրացուց զոհուած 38 ազատամարտիկներու ընտանիքներուն բնակարաններ յատկացնելու, Արցախի մէջ գիշերօթիկ հաստատութիւններու փակման հաւանականութեան, գիւղաբնակ երիտասարդ ընտանիքներուն բնակարաններու կառուցման համար տրամադրուող 3 միլիոն դրամ աջակցութեան յաւելման եւ այլ հարցեր:
Պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան նշեց, որ ընթացիկ տարուան ընթացքին կազմուած են զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներու բնակարաններու վերանորոգման եւ տրամադրման ցանկերը:
«Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան քարտուղար Ալեօշա Գաբրիէլեան անդրադարձաւ պետական պիւտճէի ցուցանիշներուն: «Նախորդ տարուայ համեմատ համախմբուած բիւջէով 2020թ. 7.6 տոկոս աճ է նախատեսում, բայց ոչ սեփական եկամուտների հաշուին: Իմ մտահոգութիւնն այն է, որ սեփական եկամուտների հաշուին բիւջէն աւելանայ», նշեց ան‘ շեշտելով հանքարդիւնաբերութենէն պիւտճէ կատարուող մուտքերը:
Արցախի ելեւմուտքի նախարար Արթուր Յարութիւնեան բացատրեց, որ հանքարդիւնաբերութենէն եկամուտներու նուազումը կապուած չէ վարչարարութեան հետ, հիմնականին մէջ անիկա պայմանաւորուած է արտաքին ազդակներով: