ԵՐԵՒԱՆ.- Այս օրերուն Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ տեղի կ՛ունենան 2020ի գլխաւոր ֆինանսական փաստաթուղթին շուրջ քննարկումները:
25 Նոյեմբերին կայացած Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ տեղեկատուութեան ոլորտի ֆինանսաւորման շուրջ քննարկումները առիթ էին Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Դաւիթ Իշխանեանի եւ Ռիտա Մնացականեանի կողմէ՝ Իրանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու վերաբերեալ հարցադրումներ ուղղելու:
Դաւիթ Իշխանեանի մտահոգութիւնը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման կը վերաբերէր: Հարցումին ի պատասխան՝ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան նշեց, որ վերջին շրջանին աշխատանքներ կը տարուին, եւ արդէն իսկ որոշակի արդիւնքներ արձանագրուած են տնտեսական ոլորտին մէջ։
«Ներկա փուլում երկու երկրների միջեւ համագործակցութիւնը հիմնականում տնտեսական ուղղութեամբ է: Սակայն Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հետ միասնաբար նախատեսում ենք գալիք տարուայ վերջին Շուշիի պարսկական մզկիթի տարածքում ստեղծել հայ-իրանական գիտամշակութային կենտրոն, որն իր ներդրումն է ունենալու յարաբերութիւնների զարգացման տեսանկիւնից», ըսաւ Մասիս Մայիլեան:
Ռիտա Մնացականեանի հարցումը կը վերաբերէր վերջին ժամանակաշրջանին Ատրպէյճանի կողմէ Իրանի մէջ հակաարցախեան քարոզչութեան ընդլայնման: Պատգամաւորին համաձայն՝ հաղորդաշարերու միջոցով Արցախը իբրեւ յարձակողապաշտ ներկայացնելու Ատրպէյճանի լոպիին անհրաժեշտ է հակադարձել պարսկերէն հաղորդաշարերով՝ Արցախեան հարցը բարձրացնելու եւ ներկայացնելու համար:
Արտաքին գործոց նախարարը ողջունեց պատգամաւորին առաջարկը՝ նշելով, որ ասիկա կարելի կ՛ըլլայ կազմակերպել Իրանի մէջ առկայ քարոզչական այլ աղբիւրներու միջոցով: Իսկ Արցախի Հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Արսէն Առուստամեան իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ նիւթեր տրամադրելու: