ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հալէպի Պետական համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանին կազմակերպութեամբ, համալսարանէն ներս ընթացք պիտի առնէ հայոց լեզուի ուսուցման սկսնակներու ծրագիր, որուն աւարտին մասնակցողը համապատասխան քննութիւն յանձնելէ եւ յաջողելէ ետք՝ պետական համալսարանին կողմէ պիտի ստանայ համապատասխան վկայագիր:
Հայոց լեզուն պիտի ուսուցանէ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս Մարիա Գաբրիէլեան: