ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Հայաստանի հետ խորհրդարանական կապերու զարգացման ծիրէն ներս, Յունաստանի խորհրդարանին մէջ կազմուեցաւ Յունաստան-Հայաստան բարեկամութեան խումբը: Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28ին, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի եւ խմբակցութեան դիւանին միջեւ հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու խորհրդարաններու միջեւ գործակցութեան ոլորտները:
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յաձնախումբը, կապի մէջ մտնելով խմբակցութեան նախագահին հետ, շնորհաւորեց բարեկամութեան խումբին կազմութիւնը, քննելով զանազան ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները:
Նշենք, որ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ եւս կազմուած է Հայաստան-Յունաստան բարեկամութեան խումբ: