ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Նոյեմբեր 28ին, Արամ Ա. վեհափառին այցելեց Բերիոյ թեմը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ առաջնորդ Տ. Մասիս եպս. Զօպուեանի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Հրաչ Յակոբեան: Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Սուրիոյ հայութեան առնչուած բազմաթիւ հարցեր: Առաջնորդը ու Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները զեկուցեցին թեմի վարչական, տնտեսական, ընկերային, շինարարական, յարաբերական եւ այլ բնագաւառներու առնչուած աշխատանքներուն ու մտահոգութիւններուն մասին: Անոնք նաեւ անդրադարձան առանձնաբար Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի, Քեսապի, Լաթաքիոյ եւ վերջերս Թուրքիոյ կողմէ ներխուժումի ենթարկուած Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի հայկական գիւղերուն հետ աղերս ունեցող տեղական խնդիրներու ու մտահոգութիւններու:
Կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց թեմին կողմէ կատարուող բազմաբնոյթ աշխատանքներուն՝ շեշտելով, թէ անոնց նպատակը պէտք է ըլլայ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը: