ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ 26րդ նախարարական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, 4 Դեկտեմբերին Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:
Այս հանդիպումին մասին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մնացականեան յայտնեց, որ հայկական կողմը ունի մէկ միասնական փաթեթ, որուն մէջ կան թէ՛ բուն կարգաւորման, եւ թէ ալ միջավայրին առնչուող հարցեր:
«Մենք ունենք մէկ միասնական փաթեթ, որի մէջ շատ կան կարեւոր հարցեր՝ բուն կարգաւորմանն առնչուող, եւ կան շատ կարեւոր հարցեր, որոնք վերաբերւում են միջավայրին, որի մէջ տեղի է ունենում խաղաղ կարգաւորման գործընթացը: Բոլորը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեն իրենց ամբողջութեան, իրենց համապարփակութեան մէջ: Բուն կարգաւորման հարցում մեր գերակայութիւններն առնչւում են Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեանը եւ կարգավիճակին: Եւ, բնականաբար, մենք շարունակելու ենք փորձարկել, մշակել այն մօտեցումները, համադրումները, որտեղ մեզ անհրաժեշտ է լինելու տեսնել, որ մեր գերակայ կարեւորագոյն հարցերը ստանում են իրենց համապատասխան արտայայտութիւնը», յայտնեց Մնացականեան:
Նախարարը հաւասարապէս կարեւոր նկատեց միջավայրին առնչուող հարցերը: «Ունեցանք որոշ համեստ արդիւնք անցեալ ամսուայ ընթացքում եւ այդ ուղղութեամբ աշխատել շարունակելն, ի հարկէ, մեզ համար կարեւոր ու հետաքրքրական է: Հաւասարաչափ կարեւորութիւն եմ տալիս, ընդգծում եմ այն նշանակութիւնը, որը տալիս ենք բոլոր այն միջոցառումներին, որոնք ուղղուած են էսկալացիայի ռիսկերի (վտանգներու-Խմբ.) նուազեցմանը», դիտել տուաւ ան:
Մնացականեան հաստատեց, որ այդ միջոցառումները իրատեսական դարձնելը, զինադադարի դրութիւնն ու բոլոր անհրաժեշտ քայլերը ամրապնդելը, յարձակման վտանգներու նուազեցումը հայկական կողմին համար եւս կը հանդիսանան չափազանց կարեւոր հարցեր:
«Մենք հաւատարիմ ենք խաղաղ կարգաւորմանը: Մենք այս մէկ ու կէս տարուայ ընթացքում ի ցոյց դրեցինք մեր կարողութիւններն ու լրջութիւնը՝ խաղաղ գործընթացի մէջ ներգրաւուելու եւ արդիւնաւէտ աշխատելու: Կայանալիք հանդիպման ուղղութեամբ մենք աշխատել ենք: Մենք գնում ենք մեր աշխատանքը կատարելու եւ մենք ունենք մեր գերակայութիւնները, եւ աշխատելու ենք դրանց շուրջ», յայտնեց նախարարը:
Ան նաեւ խօսեցաւ ընդհանրապէս Ղարաբաղի տագնապին մասին՝ դիտել տալով, որ ինք մնայուն կերպով կապի մէջ է Արցախի իր պաշտօնակիցին՝ Մասիս Մայիլեանին հետ: «Արդիւնքում բանակցային գործընթացում ենք լինում նաեւ Արցախի հետ, ինչը պրակտիկ (գործնական-Խմբ.) առումով ոչ էֆեկտիւ (ազդու-Խմբ.) է, եւ Արցախի ներգրաւումը ուղղակի պրակտիկ նշանակութիւն ունի այս գործընթացի համար: Ինքներս շատ յստակ խօսել ենք, թէ ինչ նշանակութիւն ունի Արցախի անմիջական ներգրաւումը բանակցային գործընթացում»:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով եւս յայտարարած է, որ Արցախի հարցի կարգաւորումը պէտք է ընդունելի ըլլայ երեք ժողովուրդներուն համար՝ Մնացականեան ըսաւ. «Այն, որ Արցախի հարցի լուծումն առանց Արցախի մասնակցութեան, առանց Արցախի ձայնի անհնար է, իրողութիւն է, որը ընդունուել է եւ արտայայտուել տարբեր առիթներով»:
Լրագրող մը հարցուց, որ Հայաստանի ներկայի իշխանութեան համար արդեօք առկա՞յ են փոփոխութիւններ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ: Մնացականեան յայտնեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է իր դիրքորոշման ու պատրաստ է առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, սակայն թրքական կողմէ նկատելի է այլ ուղղութեամբ որդեգրուած քաղաքականութիւն: «Մենք ասել ենք, որ պատրաստ ենք յարաբերութիւնների՝ առանց նախապայմանների, սակայն դրա համար 2 կողմ է պահանջւում, իսկ երկրորդ կողմի քաղաքականութիւնը աշխատում է ամբողջովին այլ ուղղութեամբ: Թուրքիայի սպառնալիք լինելն արտայայտւում է իր վարած քաղաքականութեամբ, իր գործողութիւններով եւ հռետորաբանութեամբ», նշեց Մնացականեանը:
Նախարարը նկատել տուաւ. «Մեր աչքի առաջ տեղի ունեցողը, Հայաստանի՝ շարունակուող շրջափակումը, Թուրքիայի կողմից յարաբերութիւններ հաստատելու ցանկութեան կամ որեւէ քայլի բացակայութիւնը, Ադրբեջանին ռազմական-քաղաքական անվերապահ աջակցութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կոնտեքստում, արտայայտում են Հայաստանի համար անվտանգային սպառնալիք: Թուրքիայի կողմից սպառնալիքը բխում է իրականացուող քաղաքականութիւնից, գործողութիւններից եւ հռետորաբանութիւնից»: Մնացականեան անգամ մը եւս վերահաստատեց՝ Հայաստան իր դիրքորոշումը արտայայտած է եւ հաւատարիմ կը մնայ անոր: