ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու խորհրդարանին մէջ իր նախարարութեան ամավարկի քննարկման նիստին գրաւոր կերպով պատասխանեց Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հարցումներուն:
Փայլան նախարարին հարցուցած էր, թէ Թուրքիա ի՛նչ դիրք կը բռնէ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի՝ «Պատրաստ ենք առանց նախապայմանի բանակցութիւններ վարելու» յայտարարութեան նկատմամբ:
Նախարարը իբրեւ պատասխան նշեց, թէ Հայաստանի հետ սահմանները փակելու որոշումը Հայաստանի կողմէ, 1993ին, «Ատրպէյճանի հողերը գրաւելուն» հետեւանքն է: «Աւելի քան 26 տարիներէ կը շարունակուի Հայաստանի յարձակողական ռազմավարութիւնը: Հետեւաբար սոյն որոշումը վերացնելու համար ձեռնտու պայմաններ չեն գոյացած: Թուրքիա- Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման համար պայման է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին լուծման ուղղեալ յստակ քայլերու դիմելը: Իրականութեան մէջ վարչապետ Փաշինեան իշխանութեան գալէն ի վեր Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման համար յուսադրիչ ելոյթներ ունեցած է: Սակայն ժամանակի ընթացքին ինք եւս տարուելով երկրի բազէներուն եւ Սփիւռքի գործիչներուն, փոխած կ՛երեւի իր ռազմավարութիւնը: Այս մասին փաստի մը բնոյթը ունի 5 Օգոստոսին անոր արտասանած՝ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ» խօսքը: Բացի այդ, ՄԱԿի 74րդ համագումարին ըսած էր, թէ «Թուրքիա Հայաստանի համար լուրջ սպառնալիք մըն է»: Ի դէմ այս բոլորին, եթէ հայկական կողմը Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ համաշխարհային հասարակութեան ակնկալութիւններուն եւ միջազգային իրաւաբանութեան շրջագիծին մէջ յստակ եւ մտերիմ քայլերու դիմէ, Թուրքիա անպատասխան չի մնար», գրած է նախարարը: