ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- 2.5 միլիոն տոլարով վաճառքի հանուած է օսմանահայ նշանաւոր ճարտարապետ Միմար Սինանի նախագծած Պոլսոյ Պալաթ թաղամասին մէջ գտնուող «Այաքափը» բաղնիքը:
Թուրքիոյ քաղաքացիներէն ոմանք բացասաբար արձագանգած են 437 տարուան արժէքաւոր հնութիւն ունեցող այդ բաղնիքի վաճառքին եւ ընդգծած են, որ անիկա պէտք վերականգնուի, այլ ոչ թէ վաճառուի:
Հակառակ անոր, որ պատմական բաղնիքին տանիքը եւ պատերուն մէկ մասը քանդուած են, այնուամենայնիւ, անիկա կը շարունակէ պահպանել երբեմնի շքեղ տեսքը:
Յիշեցնենք, որ ծագումով հայ Միմար Սինանը եղած է Օսմանեան կայսրութեան արքունիքի գլխաւոր ճարտարապետը 16րդ դարուն: Սինան հսկայական ժառանգութիւն ձգած է, որը մեծ նշանակութիւն ունի ոչ միայն իսլամական, այլ նաեւ համաշխարհային մշակոյթին համար:
Միմար Սինանին շնորհիւ սկսած է օսմանեան վերածննունդի պատմութիւնը կամ «իսլամական ճարտարապետութեան դասական ժամանակաշրջանը»: