ԼՈՆՏՈՆ.- Աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի կտաւը Լոնտոնի «Քրիսթիզ» աճուրդի տան սրահին մէջ վաճառուած է մօտաւորապէս 635,000 տոլարով:
Կտաւը գնուած է ռուսերու կողմէ:
Խնդրոյ առարկայ կտաւը արուեստագէտին 1873ին ստեղծած «Մայրամուտ Իսքիայի Վրայ» գործն է: Այվազովսկիի որոշ գործեր աճուրդով վաճառուած են աւելի քան 2 միլիոն տոլարով: