ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Ներքին Սուս շրջանին մէջ տեղադրուեցաւ զօրավար Անդրանիկի կիսանդրին եւ երկու խաչքար:
«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Արցախի նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան:
«Քաշաթաղի շրջանի Ներքին Սուս համայնքում յիշարժան օր էր: Միանգամից մի քանի իրադարձութիւն էր նշւում: Նախ, նոր պուրակի հիմնման արարողութիւնն էր, որտեղ հանդիսաւոր կերպով տեղադրուեցին զօրավար Անդրանիկի կիսանդրին եւ երկու խաչքար: Գիւղի դպրոցը համալրուել է նոր համակարգչային սենեակով եւ խաղահրապարակով», նշած է Աբրահամեան: