ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Գոհաբանութեան տօնի նախօրեակին, Հայ մշակութային հիմնարկութեան համակիրներն ու հովանաւորները Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21ին ի մի եկան Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ, Հայ Մամուլի տարուան առիթով տօնակատարելու «Ասպարէզ»ի 111ամեայ իրագործումները։
Ձեռնարկը նաեւ առիթ մըն էր հիմնարկութեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելու իր համակիրներուն։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ կատարեց բացման աղօթքը: Ներկայ էին նաեւ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ՝ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ Արամ Գալուստեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՕՄի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեանց ու Ազգ. վարչութեան եւ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչներ։
Հանդիսավարն էր «Հորիզոն» կայանի հաղորդավարներէն Սվեթլանա Պոսնոյեան, որ բարի գալուստի խօսքերէն ետք ներկայացուց Հայ մշակութային հիմնարկութեան գործունէութիւնը, աւելցնելով, որ օրուան հիւրընկալութիւնը առատաձեռնօրէն ստանձնած են տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները։
Անդրադառնալով գաղութէն ներս մամուլի ճամբով «Ասպարէզ»ի ունեցած առաքելութեան, առաջնորդ սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն: Ապա, ան շնորհաւորական խօսք ուղղեց Հայ մշակութային հիմնարկութեան նուիրեալ ծառայողներուն եւ յատկապէս ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին:
Ապա, խօսք առին «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Արման Պաղտոյեան եւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեան:
Պաղտոյեան խօսեցաւ թերթին 111ամեայ առաքելութեան եւ համայնքի բոլոր հատուածներուն սպասարկելու մասին եւ շեշտեց թերթին մէջ տարբեր կարծիքներու տեղ տալու կարեւորութիւնը։
Իր կարգին, Իզմիրլեան լուսարձակի տակ առաւ «Ասպարէզ»ի ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը ամերիկահայութեան կեանքին մէջ, նշելով, որ թերթին շնորհիւ կարելի եղած է համայնքը մղել աւելի գործօն քաղաքական դերակատարութիւն ունենալու եւ աջակցելու Հայաստանի եւ Արցախի զօրակցելու ջանքերուն։
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ երգչուհի Արաքսիա Ամիրխանեանի, իսկ երկու արուեստի գործերու աճուրդը յաջողութեամբ կատարեց Հայ մշակութային հիմնարկութեան երկարամեայ համակիր Փիթըր Պաղտասարեան։