ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ֆրանսա-Թուրքիա քաղաքական յարաբերութիւնները վերջին քանի մը օրերուն դարձել ցնցուեցան։ Թէեւ տնտեսական սերտ կապեր կան երկու երկիրներուն միջեւ, բայց քաղաքական յարաբերութիւններու խորապատկերին վրայ կացութիւնը հանգիստ չէ։
Նոր խնդիրները ստեղծուած են նախագահներ Մաքրոնի եւ Էրտողանի յայտարարութիւններուն հետեւանքով, որոնք կայծը բռնկեցուցած են դիւանագիտական այս նորագոյն տագնապին։
Մաքրոն նախ «Իքոնոմիսթ» թերթին հարցազրոյց մը տալով, «գայթակղութիւն» որակած էր Թուրքիոյ «Խաղաղութեան աղբիւր» ռազմական գործողութիւնը ու ըսած, որ ՆԱԹՕի անդամ երկիր մը առանց տեղեակ պահելու միւս դաշնակիցները, զինուորական գործողութիւն իրականացուցած է շրջանէ մը ներս, որ ՆԱԹՕի ուժերու հսկողութեան տակ կը գտնուի։
Մաքրոն անգամ մը եւս անդրադարձաւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն ու ծանր արտայայտութիւններ ունեցաւ Թուրքիոյ հասցէին։ Մաքրոն յայտարարեց, որ ռազմական գործողութիւններէն ետք Թուրքիա չի կրնար կարծել որ եղածը եղած է, չի կրնար նաեւ ռազմական զօրակցութիւն ակնկալել ՆԱԹՕի իր դաշնակիցներէն։ Մաքրոն բաւական կարծր խօսեցաւ նաեւ ՆԱԹՕի ներկայ վիճակին մասին, ընդգծելով որ ՆԱԹՕ «ուղեղային մահ» կ՛ապրի եւ պէտք է զգաստանայ իր նախկին հեղինակութիւնը գտնելու համար։ Ֆրանսայի նախագահը քննադատեց նաեւ Ամերիկան, ըսելով, որ այդ երկիրը կռնակ դարձուցած է Եւրոպային։
Մաքրոնին հակադարձելով, Էրտողան պնդեց, որ Մաքրոն նախ պէտք է իր «ուղեղի մահ»ը ստուգէ։
Իր կարգին, Ֆրանսա Էրտողանի խօսքերը քննադատեց եւ Փարիզի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ Էրտողանի ըսածներու մեկնաբանութեան համար։ «Էրտողանի ըսածները յայտարարութիւն չեն, այլ վիրաւորանք է, եւ այդ պատճառով դեսպանը պարտաւոր է բացատրութիւն մը տալու», ըսուեցաւ Ֆրանսայի իշխանութիւններէն։
Ֆրանս-թրքական յարաբերութիւնները լարուած են Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք ՆԱԹՕի վեհաժողովէն օրեր առաջ:
Կը նախատեսուի, որ վեհաժողովին քննարկուելիք հիմնական հարցը ըլլայ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը: