ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան դէմ վերջերս աւելի թափ ստացած քաղաքական ճնշումներուն հետեւանքով՝ օրակարգի վրայ բերուեցաւ անոր խորհրդարանը լքելու վարկածը: Ինչպէս ծանօթ է կառավարութիւնը կը պաշտօնազրկէ եւ կը բանտարկէ կուսակցութեան ընտրուած քաղաքապետերը եւ անոնց տեղ կը նշանակէ իրեն կամակատար տեղապահներ:
Կուսակցութեան բոլոր պատգամաւորներուն մասնակցութեամբ, Նոյեմբեր 20ին գումարուեցաւ այս հարցը քննելու համար արտակարգ նիստ մը, որ յարմար գտաւ պայքարը շարունակել խորհրդարանին մէջ մնալով, նկատի ունենալով, որ միւս կուսակցութիւնները կողմնակից չեն եղած խորհրդարանէն հրաժարելով կանխահաս ընտրութիւն մը պարտադրելու ընտրանքին։