ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկու անձեր զոհուած են եւ շարք մը ուրիշներ, ներառեալ կիներ ու մանուկներ վիրաւորուած, երբ Իսրայէլ Նոյմեբեր 20ին հրթիռներ արձակած է Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի արուարձաններուն վրայ: Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը կրցած են շարք մը «թշնամական թիրախներ» զգետնել։ Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, որ իր օդուժը հարուածած է Սուրիոյ մէջ իրանեան եւ սուրիական թիրախներ՝ ի պատասխան մէկ օր առաջ Սուրիայէն Իսրայէլի դէմ «իրանեան հրթիռներ»ու արձակման:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ իսրայէլեան յարձակումները կը հակասեն միջազգային օրէնքին: «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած են 11 զոհեր, որոնցմէ եօթն՝ իրանցիներ:
Միւս կողմէ, պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ իսլամ ծայրայեղական ահաբեկչական խմբաւորումներ Նոյեմբեր 21ին ռմբակոծած են Հալէպ նահանգի հիւսիսային Սալահետտին քաղաքը, սպաննելով առնուազն 7 քաղաքայիններ եւ վիրաւորելով 30 ուրիշներ։