ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ Իկոր Փոփով՝ անդրադառնալով Երեւանի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի հնչեցուցած՝ «առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի համաձայնութեան որեւէ պայմանաւորուածութիւն հնարաւոր չէ» յայտարարութեան, հաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը անկարելի է լուծել առանց բոլոր շահագրգիռ կողմերու համաձայնութեան: Ըստ անոր՝ պէտք է հաշուի առնել տարածաշրջանի ողջ բնակչութեան կարծիքը:
«Լուծման հիմնարար սկզբունքներու բոլոր տարբերակներուն համաձայն՝ գաղթականները եւ ներքին տեղահանուած անձերը իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց նախկին բնակութեան վայրեր եւ, համապատասխանաբար, մասնակցելու իրենց ապագայ ճակատագիրի որոշման, իսկ թէ ինչպէ՛ս այս իրաւունքը պիտի իրականացուի եւ երբ՝ կողմերը պիտի որոշեն», դիտել տուաւ Փոփով՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդ» եզրին մէջ կ՛ենթադրուի՞ տարածաշրջանի ատրպէյճանական բնակչութիւնը:
Անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի՝ տագնապի բանակցութիւններուն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը մասնակից դարձնելու հարցին, Փոփով նշեց, որ Ռուսիոյ դիրքորոշումը՝ բանակցային ձեւաչափին վերաբերեալ, միշտ եղած է հետեւողական եւ բազմիցս ըսած են, որ կողմերը իրենք պէտք է համակարգեն եւ որոշեն մասնակիցներուն կազմը: Փոփով, բայց եւ այնպէս, կրկնեց Լաւրովի խօսքերը, թէ բանակցութիւններու վաղ փուլերուն, երբ դադրեցան ռազմական գործողութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղը կը հանդիսանար համապատասխան պայմանագիրներու եւ բանակցութիւններու կողմ, որոնք սկսած էին զինադադարի կնքումէն ետք: Այնուհետեւ որոշուած է, որ Երեւանը պիտի ներկայացնէ Ղարաբաղի շահերը: Փոփովի համաձայն՝ եթէ ժամանակի ընթացքին կողմերը համաձայնին ներառել Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները բանակցային գործընթացին մէջ, իրենք կ՛աջակցին նման որոշման:
Բանակցային գործընթացի «արգելակման» յայտարարութիւններուն մասին Փոփով ըսաւ, որ Ռուսիան միշտ ալ աշխոյժ միջնորդական դիրքորոշում ունեցած է, եւ որ այս «ձգձգուած հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ կողմերուն աջակցիլը Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական անվերապահ առաջնահերթութիւններէն է»:
«Մենք աշխոյժ կերպով կ՛աշխատինք այս ուղղութեամբ: Ռուսիոյ անմիջական աջակցութեամբ ստորագրուած փաստաթուղթերուն կարգին է 1994 թուականի զինադադարի համաձայնագիրը, որ դեռ հիմք կը հանդիսանայ զինադադարի հաստատման համար: Մեր երկրի միջնորդական ջանքերու ճամբուն վրայ կարեւոր փուլ էր 2008ին ընդունուած Մոսկովեան հռչակագիրի ընդունումը՝ առաջին եւ առայժմ միակ փաստաթուղթը, որուն տակ ստորագրած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները: Ինչպէս գիտէք, ինքնին Ռուսիան էր, որ որոշիչ դեր խաղաց 2016ին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու հարցին մէջ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի գլխաւոր հրամանատարները Մոսկուա հրաւիրելով», ըսաւ Փոփով։
Փոփով նշեց, որ ընթացիկ տարուան Մարտին Վիեննայի մէջ Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ մշակուած են յստակ առաջարկներ՝ ուղղուած բանակցային գործընթացի վերսկսման նպաստող մթնոլորտին: Ըստ անոր՝ կան նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու փոխայցելութիւնները, ու այդ հարցին մէջ յառաջընթաց կայ:
Ռուս համանախագահը նշեց նաեւ, որ Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը ժամանակի կը կարօտէր հասկնալու ղարաբաղեան բարդ գործընթացի բոլոր մանրամասնութիւնները, եւ այս թեման քննարկուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին վերջին այցելութեան ընթացքին։