– Տիգրանակերտի Պաղլար շրջանին մէջ, Նոյեմբեր 20ին դաշունահարութեան զոհ դարձաւ Հարաւային Քորէայի քաղաքացի քրիստոնեայ աւետարանիչ մը, որ 5 տարիէ ի վեր որպէս հոգեւորական կը ծառայէր եւ 8 ամիս առաջ Ուրֆայէն Տիգրանակերտ անցած էր։
– Գերմանիոյ բնակչութեան 58 առ հարիւրը կողմ արտայայտուած է Թուրքիան ՆԱԹՕի կազմէն հեռացնելու հաւանականութեան, իսկ 18 առ հարիւրը՝ դէմ: Հարցախոյզը կատարուած է Թուրքիոյ՝ Սուրիա ներխուժելուն լոյսին տակ: Հարցախոյզին մասնակցողներուն 61 առ հարիւրը թեր արտայայտուած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու կիրարկման։
– Լուիզիանա նահանգին մէջ, պայմանականօրէն ազատ արձակուող բանտարկեալները ամսական 63 տոլար պէտք է վճարեն իրենց հարցին հետեւող ապահովական բաժանմունքին։