ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստան կրնայ ապահովել միլիառաւոր տոլարներու համարժէք արտածում յառաջիկայ 10-20 տարիներուն ընթացքին, քանի մը ոլորտներու մէջ, ուր, եթէ պատշաճ կերպով ներդրումներ կատարուին, կարելի է իրականացնել երկրի իշխանութիւններուն կողմէ խոստացուած տնտեսական յեղափոխութիւնը: Ասիկա Հայաստանի վերաբերեալ այն հիմնական եզրակացութիւնն է, զոր կատարած է ՄԱԿի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի՝ Հայաստանի մասին «Ներդրումային քաղաքականութեան ուսումնասիրութիւն» զեկոյցը: Այս մասին կը գրէ «Ամերիկայի Ձայն»ը:
Հայաստանի վերաբերեալ «Ներդրումային քաղաքականութեան ուսումնասիրութիւն» քն-նարկումը տեղի ունեցաւ 12 Նոյեմբերին, ՄԱԿի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի 11րդ նստաշրջանին, որուն ընթացքին ընդգծուեցան երկրի զարգացման ներոյժ ունեցող շարք մը ոլորտներ, ներառեալ՝ բարձրագոյն արհեստագիտութիւնները, զբօսաշրջութիւնը, հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութիւնը, գինեգործութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը ու դեղագործութիւնը:
Անիկա նաեւ ուսումնասիրած է հաւանական ներոյժ ունեցող շարք մը ոլորտներու զարգացման հեռանկարը՝ գործարարութիւն, ուտելիքի անվտանգութիւն, օդանաւերու վերանորոգում եւ սպասարկութիւն, տարածաշրջանային ֆինանսական ծառայութիւններ եւ բարձրագոյն կրթութիւն:
Բացառութիւն չի կազմեր օտար ուղղակի ներդրումներու (FDI) հարցը: Փորձ կը կատարուի վերականգնել ներդրումային հոսքերը նախաճգնաժամային մակարդակի: Նկատի ունենալով երկրին քաղաքական վերջին զարգացումները՝ ներդրողները այժմ սպասողական դիրքի վրայ են:
ՄԱԿի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովը կոչ ուղղեց՝ բարելաւելու ներդրումային միջավայրը բարեփոխումներու միջոցով: Ներդրումային քաղաքականութեան ուսումնասիրութիւնը կ՛առանձնացնէ ներառական աճի ու կայուն զարգացման միտումները, որոնք պիտի օգնեն կարգաւորելու շարք մը կարեւոր ընկերային հարցեր։