ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Թալիշի վերակառուցումէն ետք, ներկայ դրութեամբ արդէն 46 ընտանիքներ վերադարձան հայրենի գիւղ, իսկ 5 այլ ընտանիքներ վերադարձի ընթացքին մէջ են: Նշեալ տուեալները «Ֆէյսպուք»ի իր էջով հրապարակեց Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան:
Բացի անկէ, որ գիւղը ունի ապրելու համար նախատեսուած բոլոր պայմանները՝ նոր դպրոց, մանկապարտէզ, բժշկական կեդրոն, հանդիսութիւններու տուն եւ գիւղապետարան, վերադարձած ընտանիքներուն համար նախատեսուած տուները ամբողջութեամբ կահաւորուած են: