ԳԷՈՐԳ ՃՈՐՃ ԳԱՄՊԷՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Սեպտ. 1, 1933ին, Զահլէ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Գէորգ Ճորճ Գամպէրեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2019ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2019ին, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Hills մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr., Los Angeles, CA 90068։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Սօսի Գամպէրեան
Դուստրը՝ Վերա եւ Բէգլար Փիլաւճեան եւ զաւակները՝ Ալեքս եւ Առէն
Զաւակը՝ Արա եւ Գալին Գամպէրեան եւ զաւակները՝ Գօլէթ եւ Մաթէօ
Զաւակը՝ Արմէն եւ Ռիթա Գամպէրեան եւ զաւակները՝ Անտրէ եւ Ալէք
Եւ համայն Գամպէրեան, Փիլաւճեան, Եաղսզեան եւ Գասարճեան ընտանիքները,
հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave., Glendale
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀԲԸՄի Հալէպի «Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնքեան» դպրոցին (AGBU LNCG)։