ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի հիւսիսային թեւին մէջ գտնուող Տանձուտ համայնքի դպրոցը բացաւ իր դռները եւ ընդունեց աշակերտները՝ «Թուֆէնքեան» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած եւ իրականացուած կէս տարուան վերակառուցումէն ետք: Նորաբաց դպրոցը պիտի կրէ Արցախի հերոս Ադամ Սահակեանի անունը, որ 2016ի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին քաջաբար զոհուած զինուորներէն մէկն էր։
Հիմնադրամէն կը յայտնեն, որ արարողութեան ներկայ եղան Արցախի կառավարութեան պաշտօնատարներ, պետական նախարարը, Ադամ Սահակեանի ընտանիքի անդամները եւ հիմնարկին աշխատակիցները:
Շուրջ 100 բնակիչներ ունեցող Տանձուտը Քաշաթաղի վերաբնակեցուած համայնքներէն մէկն է: Նախորդ դպրոցը յուսալի պայմաններ չունէր արդիւնաւէտ եւ յարմարաւէտ կրթութիւն ապահովելու համար: Նորակառոյց դպրոցը ունի ժամանակակից դասարաններ՝ անհրաժեշտ սարքաւորումներով եւ անվտանգութեան չափանիշներով: Անիկա նաեւ պիտի ծառայէ մօտակայ համայնքներուն, որոնք չունին բաւարար կարելիութիւններ որակեալ պետական կրթութեան համար:
«Լաւ դպրոցը հիմնաքար է աւելի ուժեղ համայնքի կառուցման գործում: Նման հաստատութեան առկայութիւնը կարեւոր դեր է խաղում վերաբնակեցման համար, եւ մենք յոյս ունենք, որ ապագայում աշակերտների թիւը կը բազմապատկուի: Շատ ընտանիքներ ստուգում են դպրոցի առկայութիւնը նախքան տեղափոխուելը դէպի ազատագրուած տարածքներ: Այսօր մենք վստահաբար կարող ենք ասել, որ մեր ջանքերը կ՛արդարանան», ըսաւ «Թուֆէնքեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան:
Ան նաեւ նշեց, որ քանի մը ամիս առաջ հիմնարկը աւարտեց նոր տան մը կառուցումը՝ նոյն գիւղին մէջ, եւ տունը այժմ կը սպասէ իր ապագայ տէրերուն: